Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Ռոպըրթ Մենենտես
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ հինգշաբթի, 10 ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 5-ի դէմ 12 քուէով վաւերացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող նոր բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Ծերակոյտին` ոգեկոչելու Ցեղասպանութեան զոհերը: Միաժամանակ, բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին, որ երաշխաւորէ ամերիկեան այնպիսի արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ առաջնորդուի ցարդ անպատիժ մնացող Ցեղասպանութեան մասին ամերիկեան արխիւներուն մէջ գոյութիւն ունեցող դասերով:
Վերջին գրեթէ քառորդ դարուն, ծերակուտական յանձնախումբ մը Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւ չէր վաւերացուցած:
Նշենք, որ սոյն բանաձեւը շաբաթ մը առաջ ներկայացուած էր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Ռոպըրթ Մենենտեսի եւ ծերակուտական Մարք Քըրքի կողմէ: Մենենտես Քոնկրեսի շէնքին մէջ 9 ապրիլին կայացած Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին խոստացած էր բանաձեւը քուէարկութեան դնել` աւելցնելով. «Ցեղասպանութիւնը ցեղասպանութիւն է: Անոր ուրիշ անուն կարելի չէ տալ: Գալ տարի, երբ պիտի նշենք օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ հայերու ջարդերուն հարիւրամեակը, մինչ վերապրողներուն մեծ մասը մեզի հետ պիտի չըլլայ, յոյժ կարեւոր է, որ մենք առաջնորդողի դեր ստանձնենք Ցեղասպանութեան ճանաչման համաշխարհային արշաւին մէջ»:
«Այսօրուան որոշումը կը հաստատէ Միացեալ Նահանգներու նուիրումը պատմական ճշմարտութիւններու եւ լուրջ հարուած մը կը հասցնէ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Թուրքիոյ արշաւին: Անիկա միաժամանակ յստակ պատգամ մըն է նախագահ Օպամային, որ պէտք է վերջ դնէ այս ոճիրը ուրանալու գծով Անգարայի մեղսակից դառնալու իր կառավարութեան քաղաքականութեան:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ատենապետ Մենենտեսին, իր ազդու առաջնորդողի դերակատարութեան համար, ինչպէս նաեւ` մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նպաստող այս բանաձեւին ի նպաստ քուէարկած բոլոր ծերակուտականներուն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան:

