ՀՅԴ-ի Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Նախագահ Սարգսեանի Հետ

6052_bԵրէկ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան հանդիպում ունեցան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` վարչապետի նշանակման շուրջ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Ռուստամեան «Երկիր»-ին յայտնեց, որ «մեր մօտեցումները յստակօրէն արտայայտած էինք մինչ այդ հանդիպումը: Հանդիպման ժամանակ ներկայացուցինք եօթը կէտերէն բխող առաջարկներ` իրավիճակին հետ կապուած, փոփոխութիւններուն վերաբերեալ մեր պատկերացումները, խօսեցանք մեր գնահատականներուն մասին եւ յոյս յայտնեցինք, որ նոր կառավարութիւնը պէտք չէ նկատուի հինին շարունակութիւնը, այլ նոր յոյս ներշնչելու, նոր էջ բանալու ակնկալիք պէտք է յառաջացնէ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES