Նիւթական Մեծ Վնասներու Կողքին. Ապրիլեան Հեղեղային Տարափները Քաղաքացիները «Բանտարկեցին» Իրենց Ինքնաշարժներուն Մէջ
Երէկ, հինգշաբթի առաւօտեան, իրենց աշխատավայրերը թէ վարժարանները ուղղուող լիբանանցիները «թերացան» կամքէ անկախ պատճառներով, երբ ապրիլեան անձրեւներու հեղեղը ջրային պուրակներ յառաջացուց լիբանանեան զանազան մայրուղիներու եւ ճամբաներու վրայ` ժամերով իրենց ինքնաշարժներուն մէջ «բանտարկելով» քաղաքացիներն ու աշակերտները:
Նմանապէս, հեղեղային տարափները նիւթական մեծ վնասներ պատճառեցին «ջրամոյն» բազմաթիւ վաճառատուներու:
CATEGORIES Լիբանանեան

