Փորուած Եօթը Քարիւղի Հորերու Պեղումներուն Գծով. «Պեղումներու Արդիւնքները Քաջալերական Են» Յայտարարեց Նախարար Արթիւր Նազարեան
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան երէկ «քաջալերական» որակեց Լիբանանի մէջ քարիւղի եւ բնական կազի պեղումներուն երկրորդ փուլը` այս գծով կազմակերպուած կլոր սեղանին իր արտասանած խօսքին մէջ: Տըպպայէի «Ռոյալ» պանդոկին մէջ քաղաքական, ընկերային ու պետական պատասխանատուներու ներկայութեամբ կայացած այս ժողովին նախարար Նազարեան յայտնեց, որ բրիտանական «Սփեքթրոմ» ընկերութեան հետ գործակցաբար տարի մը առաջ սկսած այս պեղումի աշխատանքները այսօր քաջալերական արդիւնքներու յանգած են: Նազարեան նշեց, որ շուրջ յիսուն տարի առաջ փորուած եօթը հորերուն գծով նախարարութիւնը ոչ մէկ փաստաթուղթ ունէր, սակայն այսօր պեղումներու սկիզբէն տարի մը ետք անհրաժեշտ է, որ պարզենք լիբանանեան հանրային կարծիքին ցարդ ձեռք բերուած արդիւնքներն ու յառաջիկայի քայլերը:
CATEGORIES Լիբանանեան

