Իբրեւ Բողոք Առաջադրուող Տուրքերու Յաւելման Դէմ. Դրամատուները Որոշեցին Փակել Իրենց Դռները
Բողոքելով խորհրդարանական յանձնախումբերուն կողմէ առաջադրուող եկամուտի, կալուածային եւ այլ մարզերու տուրքերու յաւելումի հաւանականութեան դէմ` Դրամատուներու ընկերակցութիւնը որոշեց այսօր` ուրբաթ, 11 ապրիլին փակել բոլոր դրամատուներուն դռները: Դրամատուներու ընկերակցութենէն պատուիրակութիւն մը պիտի տեսակցի իշխանութեան երեք պետերուն եւ պատկան պատասխանատուներուն հետ` առաջարկելով աւելի իրապաշտ որոշում որդեգրել:
Պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու ամսաթոշակներու յաւելման գումարը ապահովելու համար առաջադրուող տուրքերու յաւելումը «աղէտաբեր» կրնայ ըլլալ երկրին տնտեսական զանազան մարզերուն համար եւ շատերը կրնայ մղել արտագաղթի, դիտել տուին խորհրդարանական յանձնախումբերու որոշումի առաջարկներուն ընդդիմացող կողմեր: Անոնք նոյնիսկ զգուշացուցին լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումէն` նշեալ որոշումներուն պատճառով:

