Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններէն Եւ Թրիփոլիէն Ետք. Բանակը Ապահովութեան Ծրագիրը Կը Գործադրէ Եւ Կը Տեղակայուի Նաեւ Հիւսիսային Պեքաայի Մէջ

panag-bekaaԵրէկ, հինգշաբթի կէսօրուան ժամերուն լիբանանեան բանակի հրասայլեր եւ հետախուզական խմբակներ տարածուեցան հիւսիսային Պեքաայի զանազան շրջաններուն մէջ` խուզարկութեան անցարգելներ հաստատելով Ռիաքի, Մարժի, Տէյր Զանունի, Ապլահի եւ Ֆաուրի մէջ: Բանակային տարրերու խտացեալ շարքերով տեղակայումը կը միտի նախ եւ առաջ ձերբակալել օրինազանցներն ու «պահանջուող» փախստականները, որոնցմէ քանի մը հատը արդէն իսկ արգելափակուած են:

Օրինազանցներու հետապնդումին համար բանակը օգտագործեց նաեւ երեք ուղղաթիռներ` Պրիթալի թէ Հուր Թաալա շրջաններու եւ մերձակայ պարտէզներուն եւ անտառներուն մէջ կասկածելի թէ օրինազանց տարրեր փնտռելով:

Բանակի այս քայլը գոհունակութեան լայն ալիք յառաջացուց տեղացիներու մեծամասնութեան մօտ, որոնք երկար ատենէ ի վեր չէին տեսած ապահովական օրինական տարրեր շրջանին մէջ:

Միւս կողմէ, կարգ մը բնակիչներ ընդվզեցան միջոցառումներուն դէմ` պահանջելով «ձերբակալել» երեսփոխաններն ու նախարարները:

 

Share this Article
CATEGORIES