Ընկերային-Տնտեսական Պահանջներու Լուծման Ձգտող. Խորհրդարանական Յանձնախումբերու Որոշումները Կը Բռնկեցնեն Առանց Այդ Ալ Ընկերային Լարուած Մթնոլորտը
Խորհրդարանական պատկան յանձնախումբեր երէկ, նախագահութեամբ Նեպիհ Պըրրիի, շարունակեցին իրենց քննարկումները` լուծելու համար հետզհետէ սաստկացող ըներային-տնտեսական պահանջները:
Սակայն առաջադրուող լուծման բանաձեւերը առաջին տպաուրութեամբ ստեղծեցին ընդվզումի եւ բողոքի ալիք մը, տուեալ որոշումներու հաւանական վաւերացումէն վնասուող կողմերուն մօտ:
Արդարեւ, վարձուորներու պատկան յանձնախումբը արդէն իսկ ընդդիմացաւ առաջարկուող որոշումներուն դէմ, որոնց վաւերացումը կրնայ վնասաբեր ու «անարդար» ըլլալ իրենց նկատմամբ: Այս ծիրին մէջ անոնք այսօր բողոքի ցոյցեր պիտի կազմակերպեն լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ, ինչպէս` Սայտայի (կէսօրուան ժամը 1:30-ին), Պէյրութի Մար Էլիաս շրջանի (կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին) եւ այլն: Ցուցարարները այս գծով պիտի ուղղուին դէպի վարչապետ Թամմամ Սալամի բնակարանը` պահանջելով վարձուորներու եւ քաղաքացիներու բնակութեան իրաւունքը պահպանող արդար որոշում մը:
Միւս կողմէ, դրամատուներու մարզը եւս ընդդիմացաւ առաջադրուող որոշումներուն դէմ ու առ այդ որոշեց այսօր` ուրբաթ փակել իր դռները:
Այլ մարզի մէջ, առաջադրուող թէ վաւերացուող կարգ մը որոշումներ դրական ու ժխտական անդրադարձներ գտան պետական պատկան պատասխանատուներու մօտ: Օրինակ, ելեւմուտքի նախկին նախարար Ռայա Հասան ժխտականօրէն արտայայտուեցաւ առաջադրուող յաւելեալ արժէքի տուրքի յաւելման որոշումին գծով, որ «իր կարգին դուռ պիտի բանայ սղաճի ու սակերու բարձրացման նոր ալիքի»:
Իսկ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ դրուատեց ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող որոշումի առաջարկը, որ «տարեկան միլիոնաւոր ոսկիներու եկամուտ պիտի ապահովէ պետական սնտուկին»:
Աւարտին, քննարկումը յետաձգուեցաւ այսօր` ուրբաթ, յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, վճռելու համար պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումը: Այս գծով Ազատագրում եւ բարգաւաճում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալի Պազզէ յայտնեց, որ գրեթէ բոլոր մարզերու պաշտօնեաներու աշխատավարձերուն յաւելումը որոշուած է, բացի ոչ համալսարանական կրթական մարզի ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումէն, որուն գծով որոշ ամբողջացումներ կը կարօտին:
Միւս կողմէ, խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու ժողովականները երէկ վաւերացուցին ծովային կալուածներու տուրքերը` հաշուի առնելով նաեւ անցնող հինգ տարուան օրինազանցութիւնները` հնգապատիկ բազմապատկելով:

