Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւագոյն ձեւով օգտուեցէք ժամանակին բերած բարիքներէն: Նոյն ատեն եղէք եռանդուն, գործնական, որով պիտի ունենաք լաւ պահեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը կրնաք նկատել տօնական: Ուրախացէք ուրիշներու նման, միացէք ձեր մտերիմներուն, որպէսզի օրուան հաճոյքը ըլլայ իրաւամբ տօնական:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր շուրջինները պիտի ստիպեն ձեզի` ըսել ճշմարտութիւնը հարցի մը մասին: Այս խոստովանութիւնը դիւրին պիտի չըլլայ: Մի՛ խռովիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Այսօր պիտի ունենաք մանկունակ տրամադրութիւն, պիտի վերադառնաք ձեր մանկութեան, եւ օրը պիտի անցնի զուարթ տրամադրութեամբ: Միշտ նոյնը եղէք, լաւատես կ՛ըլլաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ հին առարկաներ կամ մշակութային գործերու հաւաքող մըն էք, այսօր այս մարզին մէջ պիտի ու՛նենաք որոշ յաջողութիւն:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր պիտի ըլլաք հրապուրիչ, նոյն ատեն` հրապուրուող: Օրը շատ բախտաբեր է, հետեւաբար կրնաք օգտագործել օրուան շնորհած բարիքները:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ամէն հարց մէկ անգամէն, մոգական հրաշքով չի կատարուիր: Կատարեցէք ձեզի յանձնարարուած բուժումը, որպէսզի գտնէք ձեր բնական ուԺը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Եթէ «կարիճ» կենդանակերպ ունեցող մը տօն մը կամ խրախճանք մը կազմակերպէ, օրը հիանալի կ՛ըլլայ: Այսօր այս պարտականութիւնը պիտի կատարէք ձեր պատուին համար:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ջանացէք շաբաթավերջը պատուել աշխատանքէ հեռու զուարթ տրամադրութեամբ, ձեր բարեկամներով: Գործը չի վերջանար, խնճոյքը կարեւոր է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետաքրքրասէր էք: Այսօր ձեր այս բնաւորութիւնը պիտի զարգանայ եւ պիտի իմանաք բազմատեսակ նորութիւններ` դրական եւ ժխտական ձեւերով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարիքը ունիք անձի մը, որ կարենայ իր խօսքերով համոզել կամ հանգստացնել ձեզ: Ձեր մէկ մօտիկ բարեկամը պիտի գտնէ այդ համոզիչ բառերը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ճիգ մը ըրէք, դուք ձեզի պիտի ստիպէք տունէն դուրս ելլել: Անգամ մը որ կատարեցիք այս ստիպողութիւնը, պիտի չուզէք տուն վերադառնալ: Այնքա՛ն հաճելի պիտի անցնի օրը:

