50 Տարի Առաջ (12 Ապրիլ 1964)

Ընտրական Հաւաքոյթ Ն. Փալանճեան    Ճեմարանի Մէջ

Ներկայ Եղան Պէյրութի Եւ Մեթնի Ցանկերու
Թեկնածուները Եւ Մեծ Թիւով Ծանօթ Ազգայիններ

Ուրբաթ, 10 ապրիլի երեկոյ, ժամը 7:00-ին, Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական մեծ հաւաքոյթ մը` կազմակերպուած Պէյրութի Ա. Շրջանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին կողմէ:

Հաւաքոյթին ներկայ եղան ստուար թիւ մը հայ ծանօթ առեւտրականներու, ազատ ասպարէզի հետեւող ազգայիններու եւ երեւելի անձնաւորութիւններու, որոնք կը հանդիսանան ՀՅ Դաշնակցութեան համակիր զանգուածներու արժանաւոր ներկայացուցիչները:

Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի եւ հիւսիսային Մեթնի երեսփոխան  թեկնածուներուն ժամանումը ընդունուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով: Հետզհետէ ժամանեցին` Փիեռ Ժեմայել, զօրավար Ժեմիլ Լահուտ, Ֆուատ Պութրոս, Անթուան Սեհնաուի, Շարլ Սաատ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ Անտրէ Թապուրեան:

Հաւաքոյթը վարեց Վահէ Սէթեան, որ նախ հայերէն, ապա ֆրանսերէն լեզուով գեղեցկօրէն խօսեցաւ բովանդակալից ճառ մը` պարզելով ընտրութեանց նշանակութիւնը եւ ներկաներու անունով ամբողջական վստահութիւն ու համակրանք յայտնեց զոյգ ցանկերու անդամներուն:

Յաջորդաբար խօսք առին Կարօ Սասունի` ՀՅ Դաշնակցութեան կողմէ, Փիեռ Ժեմայել, զօրավար Ժեմիլ Լահուտ եւ մեթր Խաչիկ Պապիկեան, որոնց ճառերը յաճախ ընդմիջուեցան բուռն ծափահարութիւններով:

Եղաւ հիւրասիրութիւն, եւ ներկաները մեկնեցան խանդավառ տրամադրութիւններով եւ մեր թեկնածուներն ու անոնց ցանկակիցները դարձեալ խորհրդարան ղրկելու վճռականութեամբ:

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի
Փառաւոր Հանդէսը

Լիբանանահայ օգնութեան խաչի օրուան տօնակատարութիւնը, որ կազմակերպուած էր Շրջանային վարչութեան կողմէ, աննախընթաց յաջողութիւն մը արձանագրեց շաբաթ իրիկուն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի:

Խուռներամ բազմութիւն մը փութացած էր իր համակրանքն ու քաջալերանքը յայտնելու կանացի այս մեծ կազմակերպութեան, որուն գործունէութեան ամփոփ տեղեկագիրը կարդացուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Լ. Սասունիի կողմէ:

Յայտագիրը, որ պատրաստուած էր առաւելագոյն բծախնդրութեամբ, գործադրուեցաւ անթերի կերպով: Բովանդակալից ճառեր խօսեցան տոքթ. Բ. Փափազեան եւ փրոֆ. Ֆ. Ֆէյտի: Գեղարուեստական բաժնին մէջ ջերմօրէն գնահատուեցան Օննիկ Սիւրմէլեան եւ իր նուագախումբը, Համազգայինի «Քնար» երգի ու պարի խումբը` Է. Աբրահամեանի եւ Ս. Շաթըրեանի ղեկավարութեամբ, Ս. Սողիկեան (մեներգ), Նելլի Մինասեան (արտասանութիւն), Ս. Թիւթէլեան (արտասանութիւն), Արա Կիրակոսեան (մեներգ):

Այս փառաւոր հանդիսութիւնը, որուն նմանը քիչ անգամ առիթ կ՛ունենանք վայելելու, փակուեցաւ վեհափառ հօր օրհնութեան խօսքով:

Երգիծանքը Երկաթէ Վարագոյրի Ետին

Այս տարի Հունգարիոյ մէջ սաստիկ ցուրտ կ՛ընէր: Քաղաքացի մը սառած ճամբուն վրայէն կը քալէր եւ քթին տակէն կը մրմրար` «անտանելի է»:

Երկու գաղտնի ոստիկաններ կը մօտենան իրեն եւ կը յայտնեն` «ձեզ կը ձերբակալենք»:

– Ինչո՞ւ,- հարց կու տայ մարդը սարսափահար, մէկուն բան չեմ ըրած:

– Իշխանութեան դէմ բողոքած ես,- կը պատասխանեն ոստիկանները:

– Ի՞նչ իշխանութիւն, կ՛ըսէի, թէ ցուրտը անհանդուրժելի է,- կ՛աւելցնէ մարդը անմեղօրէն:

– Կը ստես,- կը յամառին ոստիկանները,- ցուրտը տակաւին հանդուրժելի է:

* * *

Խրուշչեւ եւ Արեւելեան Գերմանիոյ վարչապետ Ուլպրիխթ կը զրուցէին:

Վերջինը կը հարցնէր` «Քանի՞ թշնամի ունի իշխանութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ»: Մօտ 16-17 միլիոն, կը պատախանէր Խրուշչեւ «իսկ ձեր մօտ որքա՞ն կը կարծէք», կը հարցնէր իր կարգին: «Մօտաւորապէս նոյնքան», կը պատասխանէր Ուլպրիխթ: Իսկ բոլորս ալ գիտենք, որ Արեւելեան Գերմանիոյ բնակչութիւնը 17 միլիոնը չ՛անցնիր:

* * *

Չեխոսլովաքիոյ հեռատեսիլէն տեսակցութիւն մը կազմակերպուած էր հաւաքական ագարակի մը մէջ աշխատող բանուորի մը հետ: Երբ իրեն առաջարկուեցաւ խօսիլ կեանքի մասին հաւաքական ագարակներուն մէջ, ան բան մը չխօսեցաւ, այլ բաւականացաւ միայն բարձրախօսին նայելով:

– Խօսէ՛,- կը պնդէր խօսնակը,- ամբողջ Փրական քեզ կ՛ունկնդրէ:

Գիւղացին կը շարունակէր լռել:

– Խօսէ՛,- դարձեալ կը պնդէր խօսնակը,- Ամբողջ Չեխոսլովաքիան քեզ մտիկ կ՛ընէ:

Գիւղացին կը շարունակէր լռել:

– Ամբո՛ղջ աշխարհը,- կ՛աւելցնէր խօսնակը:

– Չեմ հաւատար, կը պատասխանէր գիւղացին:

 

Share this Article
CATEGORIES