Հանամի, Գարնան Տօնը Ճափոնի Մէջ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն տարի, ընդհանրապէս ապրիլ ամսուն սկիզբը ճափոնցիները կը տօնեն կեռասենիներուն (սաքուրա) ծաղկումը: Ասիկա անոնց համար առիթ մըն է պարտէզներուն մէջ պտտելու, ուտելու, խմելու եւ խրախճանքներ ընելու: Կեռասենիներուն տակ նստած` անոնք ժամանակնին կ՛անցընեն աւանդական հանամիով, որ պապերէն մնացած սովորութիւն մըն է: Հանամի կը նշանակէ` ծաղիկները դիտել:
Այս ձեւով, պարտէզներուն մէջ մենք կը հանդիպինք ծածկոցներու վրայ նստած ճափոնցիներու, որոնք ժամեր կ՛անցընեն իրենց նախասիրած ծաղիկը դիտելով եւ սաքէ խմելով:
Այս ծաղկումը շատ սպասուած առիթ մըն է: Ան նաեւ հանդարտութեան շրջան մըն է. ընտանիքները կամ բարեկամներ կը հաւաքուին կեռասենիներուն տակ, շրջանէ շրջան կը ճամբորդեն երթալու համար հոն, ուր ամէնէն գեղեցիկ ծաղկումը կարելի է տեսնել: Ճափոնցիները բնութեան շատ մօտ են, ամբողջ երկիրը կը տօնէ գարնան ժամանումը: Բոյսերու շուկայ, պարեր, վիշապներու տողանցք…
Սակայն այս տօնը շատ դիւրաբեկ բնոյթ մըն ալ ունի: Անիկա կը տեւէ միայն քանի մը օր եւ ունի թէ՛ գեղագիտական, թէ ալ հոգեւոր նշանակութիւն: Ճափոնցիներուն համար կեռասենիին ծաղիկներուն թափող թերթեր կը խորհրդանշեն մեր կեանքը, որ կրնայ գեղեցիկ ըլլալ, սակայն նոյն ատեն ան դիւրաբեկ է եւ` անցողական: Այս ծաղկումը կը խորհրդանշէ նաեւ գարնան վերանորոգումը:
«Ծպտուած» Հաւկիթներ
Զատկուան հաւկիթը նոր կեանքի մը ծնունդը եւ բերրիութեան խորհրդանիշ է: Զատիկին հաւկիթներ նուիրելը, ինչպէս նաեւ գարնան ժամանումը տօնելը շատ հին սովորութիւններ են, որոնք հաստատուած են հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր: Սակայն գիտէի՞ր, թէ պարսիկները արդէն իրարու հաւու հաւկիթներ կը նուիրէին իբրեւ բախտաբեր առարկայ` գարունը տօնելու համար:
* * *
Ահա քանի մը գաղափարներ` այս տարի Զատիկի հաւկիթները զարդարելու համար:
Ա.- Պզտիկ մարդուկներ
Այս զարդարանքներուն համար պէտք պիտի ունենաս յատկապէս գունաւոր թուղթերու եւ հաւկթամաններու:
Այս պարագային կրնաս գործածել սրճագոյն հաւկիթներ, այս ձեւով պէտք պիտի չունենաս զանոնք նաեւ ներկելու:
Գունաւոր թուղթերուն վրայ գծէ եւ կտրէ իւրաքանչիւր կերպարի յատուկ մազերը եւ հագուստին մանրամասնութիւնները: Ինչպէս կը նշմարես, հաւկթամանն ալ զարդարանքին մաս կը կազմէ: Աչքերուն համար կրնաս պատրաստ ձեռային աշխատանքի յատուկ աչքեր փակցնել կամ զանոնք մելան ներկի մատիտով գծել:
Բ.- Մանր նապաստակներ
Այս պարագային ալ պէտք չունիս հաւկիթները ներկելու եւ նախընտրաբար գործածես ճերմակ հաւկիթներ:
Այս նապաստակներուն համար պէտք պիտի ունենաս ծխամորճ մաքրելու յատուկ գունաւոր թելեր: Այդ թելերը փակցուր հաւկիթին շուրջ, գլխուն վրայ հանգոյցի ձեւ մը տալու համար: Կրնաս նաեւ բամպակէ պզտիկ գնդիկ մը փակցնել ետեւը` իբրեւ պոչիկ: Սեւ մատիտով գծէ նապաստակին աչքերը, քիթը, բերանը եւ պեխերը:
Գ.- Սուզուող հաւկիթներ
Այս «ծպտուած» հաւկիթներուն համար հաւկիթի յատուկ ներկի պէտք պիտի ունենաս: Ճերմակ հաւկիթներուն մէկ երրորդը միայն ներկէ. ձգէ, որ չորնան:
Իւրաքանչիւր «սուզուողի» համար պէտք պիտի ունենաս ծալուող ըմպեղէգի (շալիմօ) եւ ջուրի շիշի կերպընկալէ կափարիչի եւ զօրաւոր խէժի:
Ըմպեղէգները կտրէ երկու ծայրերէն` ըստ հաւկիթներուն հասակին: Կերպընկալէ կափարիչներուն վրայ սեւ մատիտով գծէ աչքերը: Սուզուելու դիմակները եւ շնչելու խողովակները փակցուր հաւկիթին վրայ: Սեւ խաւաքարտի մը վրայ գծէ եւ կտրէ ոտքերը, հաւկիթները անոնց վրայ փակցուր:
Դ.- Գոյնզգոյն ծաղիկներ
Եթէ չես սիրեր երկար ժամեր յատկացնել ձեռային աշխատանքներու, կրնաս պարզապէս հաւաքել տարբեր գոյնի եւ չափի կոճակներ եւ զանոնք ծաղիկի ձեւով փակցնել ճերմակ հաւկիթներու վրայ:
Ե.- Գոյնզգոյն պարտէզ մը
Կրնաս նաեւ որոշել` բոլոր հաւկիթները զարդարել ըստ նոյն նիւթին, ինչպէս, օրինակ, ծաղիկներու աշխարհը:
Պէտք պիտի ունենաս գարնանային գեղեցիկ գոյներով թուղթերու: Անոնց վրայ գծէ եւ կտրէ ծաղիկի տարբեր ձեւեր (կրնաս պատկերին օրինակներէն ներշնչուիլ) եւ զանոնք փակցուր ճերմակ հաւկիթներու վրայ:
Ուշադրութի՛ւն. Մի՛ մոռնար հաւկիթները զարդարելէ առաջ զանոնք խաշել:
Ձեռային Աշխատանք
Զատկուան Կողով

Նապաստակներով եւ ծաղիկներով զարդարուած այս կողովը կրնաս գործածել մէջը Զատկուան գոյնզգոյն հաւկիթները կամ տուրմէ հաւկիթները դնելու համար:
Պէտք Ունիս
Բարակ խաւաքարտի, գունաւոր թուղթերու, ներկերու, խէժի, մկրատի, ակրաֆի գործիքի:
Բացատրութիւն
1.- Կէս կողովի շրջագիծը մեծցուր եւ բարակ խաւաքարտին վրայ ընդօրինակէ. նոյն ձեւով ընդօրինակէ նաեւ միւս բաժինը:


![]()


2.- Կտրէ կողովը:
3.- Ծալէ զայն:
4.- Անկիւններէն փակցուր:
5.- Խաւաքարտէ երիզ մը կտրէ եւ զայն ամրացուր ակրաֆի գործիքով կողովին վրայ կոթը ընելու համար:
6.- Գունաւոր թուղթէ երիզ մը կտրէ եւ զայն ձեռնադաշնակի նման ծալէ:


![]()
![]()

![]()

7.- Այս ձեռնադաշնակին երեսին վրայ նապաստակի գլուխը գծէ եւ զայն կտրէ: Պիտի ստանաս նոյն նապաստակի գլուխէն բազմաթիւ օրինակներ:
8.- Նապաստակի դէմքերուն վրայ գունաւոր մատիտներով գծէ մանրամասնութիւնները (աչքեր, քիթ, բերան, ակռաներ, պեխեր…)
9.- Կանաչ թուղթէ երկար երիզ մը կտրէ եւ անոր մէկ կողմը ծոպ մը կտրէ խոտը ընելու համար: Ապա զայն փակցուր կողովին չորս կողմերը:
10.- Գունաւոր թուղթերուն վրայ ծաղիկներ գծէ եւ կտրէ:
11.- Խոտերուն վրայ փակցուր նապաստակները եւ ծաղիկները:
12.- Շատ բարակ գունաւոր թուղթեր կտրէ յարդը ընելու համար: Կողովդ պատրաստ է. կրնաս զայն լեցնել զարդարուած հաւկիթներովդ:
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու օձերը:

Կրնա՞ս օգնել այս ոստիկանին` գտնելու համար իր շան հասցնող ճամբան:

Ի՞նչ կարգով մոմերը պէտք է հանել` առանց միւս մոմերը շարժելու:

Կրնա՞ս թիւերը զետեղել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:

