Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Առթիւ. Հայ Աւետ. Քոլեճի Պատմութեան Ակումբի 20-րդ Դարու Համբաւաւոր Հայեր Վաւերագրական Ցուցահանդէսը

hayavedcollege0504Շաբաթ, 5 ապրիլ 2014-ին` երեկոյեան ժամ 6:45-ին, տեղի ունեցաւ Հայ Աւետարանական քոլեճի պատմութեան ակումբի 20-րդ դարու համբաւաւոր հայեր վաւերագրական ցուցահանդէսի բացումը:

բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն եւ Պատմութեան ակումբի խորհրդատու դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Ան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրողներ մէկ հայ ողջ կ՛ուզէին ձգել այն ալ թանգարանի մէջ: Ան նշեց, որ 20-րդ դարու ունեցանք անկախ հայրենիք, 10 միլիոնի հասնող հայութիւն, ու համաշխարհային քաղաքակրթութեան նպաստեցինք համբաւաւոր հայերու ճամբով: Տնօրէնը մատնանշեց, թէ եկեղեցւոյ ընդարձակ ցուցասրահին մէջ 15 մեծ ցուցատախտակներու վրայ ցուցադրուած են գործերը 20-րդ դարու շուրջ 130 միջազգային համբաւի տիրացած հայ եկեղեցականներու, բարձրաստիճան զինուորականներու, գիտնականներու, մեծանուն բարերարներու, պետական մարդոց, քաղաքագէտներու, երաժշտագէտներ, գրողներ, արուեստագէտներ, (նկարիչ, երգիչ, դերասան), շարժանկարի եւ թատրոնի բեմադրիչներ, կեանքի այլազան ասպարէզներու տէրերու, մեծանուն առեւտրականներու, լրատուուական եւ մամուլի ականաւոր գործիչներու ու մարզիկներու: Դոկտ. Մսըրլեան նշեց, թէ Պատմութեան ակումբի անդամները համացանցէն իր տուած ցանկի հիմամբ վերարտադրած են նկարները եւ անգլերէնով տպած են կենսագրականները համբաւաւոր հայերուն, այսպէսով իրենց ընդհանուր զարգացումը զօրացնելով, ու ինչ որ իրենք չեն գտած ինք լրացուցած էր իր արխիւէն:

Ցուցահանդէսի նիւթերուն գեղարուեստական դասաւորումը կատարած է դպրոցի արուեստի ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեան:

Տնօէնին հրաւէրով ցուցահանդէսի սրահ մուտքի ժապաւէնը քակեց դպրոցի հոգաբարձութեան ատեանպետ Ռուպինա Արթինեան, ապա ներկաները առիթ ունեցան սրահին մէջ ցուցադրուած նիւթերը դիտելու:

Ցուցահանդէսը հանրութեան բաց է ամէն օր մինչեւ երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014 (ներառեալ) դպրոցի ժամերուն, առաւօտեան 8:00-էն կ. ե. 2:45, նաեւ Ծաղկազարդի օրը առաւօտեան 11:00-12:00: Մուտքը ազատ է:

Share this Article
CATEGORIES