«Թուրքիոյ Տարածքին Հայ Մշակութային Կոթողներու Ընդհանուր Վիճակը Ցաւալի Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Զաքարիա Միլտանօղլու

13784882884_35f6c98f31_bՊոլսահայ ճարտարապետ, «Ակօս» օրաթերթի յօդուածագիր, մշակութային եւ մամուլի բնագաւառին մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած Զաքարիա Միլտանօղլու Լիբանան կը գտնուի Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով:

Այս ծիրին մէջ «Ազդակ» հարցազրոյց կատարեց Զ. Միլտանօղլուի հետ, որ պատասխանելով մեր հարցումներուն անդրադարձաւ իբրեւ ճարտարապետ իր աշխատանքներուն, խօսեցաւ Թուրքիոյ մէջ, գտնուող հայկական կոթողներուն եւ անոնց ճակատագրին, ինչպէս նաեւ պոլսահայութեան ներկայ կացութեան մասին:

Ստորեւ` հարցազրոյցը:

«ԱԶԴԱԿ».- Իբրեւ վաստակաւոր ճարտարապետ ձեր ներդրումը ունեցած էք նշանաւոր կոթողներու կառուցման աշխատանքին մէջ, խնդրեմ յիշէք գլխաւորները եւ յատկապէս անդրադառնաք հայկականներուն:

ԶԱՔԱՐԻԱ ՄԻԼՏԱՆՕՂԼՈՒ.- Կոթողներու վերաբերեալ աշխատանքիս մասին ամփոփ կերպով կրնամ ըսել, որ մեծագոյն ներդրումս Վանի Աղթամար կղզիին Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ վերականգնողական աշխատանքն էր: Յետոյ Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղամասի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերանորոգումը կայ. գիտէք, Պալեաններու` Կարապետ Պալեանի կարեւոր մէկ գործն է: Տիգրանակերտի հոյակապ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքին ալ կարճ ժամանակի մը մասնակցութիւն բերած եմ:

«Ա.».- Իբրեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի լիազօր հսկիչ վերահսկած էք Աղթամար կղզիին Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքներուն: Խնդրեմ ձեր անձնական փորձառութենէն մեկնած խօսիք այս աշխատանքներուն մասին, յատկապէս անոր հայկականութեան եւ քրիստոնէականութեան պահպանման տեսանկիւնէ:

Զ. Մ.- Երկու տարի ամէն շաբաթավերջին երեք օր գտնուեցայ Աղթամար: Պոլիսէն խումբ մը ճարտարապետ ընկերներով այդ աշխատանքը տարինք: Թեքնիք կարեւոր օգնութիւն ստացանք Իտալիայէն, Հայաստանէն: Հայաստանէն քարի եւ որմնանկարներու մասնագէտ երկու ճարտարապետներ անձամբ եկան եւ տեղւոյն վրայ աշխատանքին հսկեցին: Հայաստանի ճարտարապետներու միութիւնը միշտ տեղեակ պահուեցաւ: Մեր տեսակէտներն ու որոշումները նկատի առնուեցան, քանի որ թուրք ճարտարապետները այս մասին մասնագիտութիւն չունին: Նորոգութիւնը կատարուեցաւ որպէս եկեղեցի եւ կարելի եղածին չափ պահպանուեցաւ իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն: Թէեւ անիկա կը պահպանուի որպէս թանգարան` Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան հակակշիռին տակ, սակայն չէ կորսնցուցած եկեղեցի ըլլալու հանգամանքը, նաեւ իր խորանով, որ աւելցուեցաւ նորոգութեան ընթացքին, նոյնպէս իր գմբէթի խաչով, որ բերուեցաւ Հայաստանէն: Այժմ պաշտօնապէս եկեղեցին համայնքիս չի պատկանիր, բայց տարին անգամ մը` Խաչին, իշխանութեանց թոյլտուութեամբ, հայկական Ս. պատարագ կը մատուցուի:

«Ա.».- Ուսումնասիրած էք Թուրքիոյ մէջ հայ մշակութային կոթողները: Խնդրեմ անդրադառնաք անոնց ընդհանուր վիճակին, յատուկ կերպով շեշտը դնելով ձեր ուսումնասիրութեան առարկան հանդիսացած կոթողներուն եւ հոն յայտնաբերուած նորութիւններուն վրայ:

Զ. Մ.- Թուրքիոյ տարածքին հայ մշակութային կոթողներուն ընդհանուր վիճակը ցաւալի է: Անշուշտ պէտք է բացառել Պոլսոյ եկեղեցիները եւ գաւառի քանի մը կեդրոններու եկեղեցիները, որոնք պաշտօնապէս հայ համայնքին կը պատկանին:  Մենք ալ Հայ ճարտարապետներու միութեան միասնական ջանքերով կ՛այցելենք գաւառի հին հայկական կեդրոնները եւ մասնագիտական մերձեցումով կը հետաքրքրուինք այդտեղի հայ մշակութային կոթողներով կամ մնացորդներով` եկեղեցի, դպրոց, կամուրջ, աղբիւր…:

«Ա.».- Տարբեր առիթներով եւ պարբերաբար հայկական դրօշ կրող եւ փաստացի կերպով հայկական հանդիսացող կոթողներ իբրեւ թրքական ներկայացուելու փորձեր կը կատարուին, միջազգային մամուլին մէջ նման հրապարակումներու կը հանդիպինք, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ երբեմն առկայ է նման իրավիճակ: Ի՞նչ է ձեր տեսակէտը այս մասին, արդեօք ճշմարտութիւնը այսպիսով կրնա՞յ թաղուիլ եւ մոռցուիլ ժամանակի ընթացքին: Այս իմաստով հայութեան դերակատարութիւնը ի՞նչ պէտք է ըլլայ:

Զ. Մ.- Թուրքիոյ մէջ այս ուղղութեամբ ապատեղեկատուական աշխատանք տանող շրջանակ մը կայ: Աղթամարի համար ալ երկար տարիներ Սելճուքեան կոթող ըսուած է օրինակ, ինչպէս նաեւ` Անիի կարգ մը կոթողներուն մասին… Անիի աւերակներու ցուցատախտակն իսկ միայն լատինատառ` թրքերէն յիշատակ իմաստով` ԱՆԸ գրուած է դեռ, եւ ոչ թէ ԱՆԻ: Բազմաթիւ եկեղեցիներ մզկիթի վերածուած են եւ թուրք-իսլամ ճարտարապետութեան կը վերագրուին: Բայց իրականութիւնը օր ըստ օրէ երեւան կ՛ելլէ: Ժամանակի ընթացքին հայկական դրոշմը չեմ կարծեր, թէ կորսուի, ընդհակառակը ոչ միայն հայերուս կողմէ, այլ նաեւ համաշխարհային տարողութեամբ ջանքեր կան. զանազան ճարտարապետներու, պատմաբաններու ուսումնասիրութիւններ եւ հրապարակումներ արգելք կը հանդիսանան այսպիսի մոռացութեան կամ ապատեղեկատուութեան: Անշուշտ մեզի կը վիճակուի այս նիւթը արծարծել եւ իրականութիւնները լսելի դարձնել…:

«Ա.».- Յօդուածներ կը ստորագրէք «Ակօս»-ի մէջ. կը խնդրեմ, որ խօսիք մամուլին կարեւորութեան եւ դերակատարութեան մասին, յատկապէս հայկականի պարագային:

Զ. Մ.- Մամուլի դերակատարութիւնը անուրանալի է հայ մշակութային կոթողներու պահպանման գործընթացին մէջ: «Ակօս»-ին թէ՛ հայերէն, եւ թէ թրքերէն էջերը  միշտ տրամադրուած են այս նիւթին` ի պահանջել հարկին: Օրաթերթեր «Մարմարա»-ն եւ «Ժամանակ»-ը նոյնպէս կ՛արձագանգեն հայ մշակութային կոթողներու վերաբերեալ խնդիրներուն: Այս նիւթով վերջին տարիներուն որոշ չափով թրքերէն մամուլը եւ հեռատեսիլի կայաններն ալ կը հետաքրքրուին, ինչ որ կը նպաստէ հասարակութեան մէջ ճշմարտութեան ծաղկումին եւ արդարութեան զգացումին:

«Ա.».- Գիտենք, որ կատարած էք հայ պարբերական մամուլին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը. խնդրեմ անդրադառնաք անոր, ո՞ր ժամանակաշրջանը կ՛ընդգրկէ, աշխարհագրական ի՞նչ սահմաններ կը ներառէ եւ այլն:

Զ. Մ.- Հայ պարբերական մամուլին վերաբերեալ մատենագիտական ուսումնասիրութիւնս քսան տարուան անցեալ մը ունի եւ յառաջիկայ ամիսներուն թրքերէնով լոյս պիտի տեսնէ «Արաս» հրատարակչատունէն: Այս մատենագիտութիւնը կ՛ընդգրկէ 1794-1980 տարիները եւ 42 երկիրներու մէջ հրատարակուած հայերէն թերթերը, հանդէսները եւ այլն:

«Ա.».- Այսօր սփիւռքի մէջ իւրաքանչիւր գաղութ կը դիմագրաւէ տարբեր տարողութեամբ հայապահպանման մարտահրաւէր եւ դժուարութիւններ: Պոլսահայութեան պարագան ի՞նչ է, ի՞նչ են հիմնական դժուարութիւնները եւ ի՞նչ կարելի է ընել սերունդներուն հայկական դիմագիծի պահպանման ի խնդիր:

Զ. Մ.- Հայապահպանման խնդրին առնչութեամբ չեմ կարծեր, թէ պոլսահայութեան առջեւ տարբեր են մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները: Գոյատեւումը համընդհանուր հարց մըն է. իսկ համաշխարհայնացման առընթեր գաղութներու փոխյարաբերութեան զարգացումը` մանաւանդ մեր պարագային, որ գրեթէ անջատուած էինք աշխարհի հայութենէն` յուսամ կը նպաստէ լուծումներու ալ… Յոյսով եմ, որ իմ ջանքերս ալ այս ուղղութեամբ կ՛ունենայ իր համեստ բաժինը:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES