Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Ընդառաջ. Նահատակաց Երանացման Դատի Նախապատրաստութեան Կոչ
Յիսուսի Քրիստոսի Ծառայ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
Ողորմութեամբ Աստուծոյ
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Ողջոյն Եւ Աստուածաւանդ Օրհնութիւն
Մեր պատուական եղբայրներուն` արհի. արքեպիսկոպոսներուն, արհի. եպիսկոպոսներուն, գերյարգելի եւ գերապատիւ վարդապետներուն, արժանապատիւ քահանաներուն, յարգոյապատիւ սարկաւագներուն, առաքինազարդ քոյրերուն եւ բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդին:
1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, համաձայն Հռոմի Սուրբ աթոռին 2007-ին հրատարակած «Մայր սրբոց» ուղեցոյցին, կը շարունակէ Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի երանացումով սկիզբ առած դատական հոլովոյթը պաշտօնապէս բացուած հռչակելով դժոխային Ցեղասպանութեան պատճառով նահատակուած հոյլ մը կղերականներու, կրօնաւորուհիներու եւ աշխարհական դասի երանացման դատը:
Վստահ ենք, որ սոյն երանացումը ո՛չ միայն պիտի ամրապնդէ քրիստոնէական հաւատքը հայ ժողովուրդին մէջ, այլ նաեւ մեծապէս պիտի նպաստէ 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին, մասնաւորաբար մինչեւ օրս լուռ մնացած պետութիւններուն եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ` միաժամանակ պանծացնելով մարդկային Արդարութիւնը, դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ծրագրած եւ գործադրած Օսմանեան պետութիւնը, վերահաստատելով հայ ժողովուրդին արդար հատուցման իրաւունքը եւ կանխարգիլելով ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը:
Առ այդ, կը խնդրենք արհի. արքեպիսկոպոսներէն, արհի. եպիսկոպոսներէն, կղերէն եւ մեր աղօթասէր հաւատացեալներէն, որ ընդառաջեն մեր կոչին իրենց աստուածահաճոյ աղօթքներով եւ վկայութիւններով, որպէսզի անհերքելի պատմական փաստարկութիւններով օժտուած մեր խնդրանք-դիմումը արժանանայ Տիեզերական եկեղեցւոյ հաւանութեան, ինչպէս նաեւ արդարադատութեան ատեաններու եւ պետութիւններու զօրակցութեան:
Թող երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը եւ Զմմառու ցաւագին Տիրամայրը օրհնեն հայ ազգին ճանապարհորդութիւնը դէպի խաղաղութեան, արդարութեան եւ բարօր կեանքի անդաստանները:
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց
Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր տասներեքերորդի ամսեանն ապրիլի յամի Տեառն 2014-ի
Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի տօնի Ծաղկազարդի

