Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Յառաջացած Տարիքի Ուղեղային Խանգարումներ» Նիւթով Դասախօսութիւն

DSC04024Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 9 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ «Յառաջացած տարիքի ուղեղային խանգարումներ» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմինի բժիշկ տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան, որ ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ բնական երեւոյթ է, որ տարիքի յառաջացումով երակներու պնդացումով յառաջանան յիշողութեան, լսողութեան տկարացում եւ այլ հարցեր, որոնց համար ենթական պէտք է դիմէ բժիշկին եւ կատարէ անոր թելադրանքները:  Իսկ տարեց անձին շրջապատէն կը սպասուի հասկացողութիւն, համբերանք եւ գորովալից վերաբերմունք անոր նկատմամբ:

Տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան դասախօսութեան սկիզբը բացատրեց, թէ ին՞չ կը հասկնանք յառաջացած տարիքի ուղեղային խանգարումներ ըսելով, ի՞նչ պայմաններու տակ տեղի կ՛ունենան անոնք:

Դասախօսը յաջորդաբար թուեց այն հիւանդութիւնները, յառաջացած տարիքի վիճակները, ուր ուղեղային խանգարումներ տեղի կ՛ունենան:

Ա.- Տիմենշիա խրֆածութիւն – Աստիճանական մտային կարողութեան խանգարում, կարճատեւ յիշողութեան տկարացում:

Բ.- Ալզայմըր հիւանդութիւն.- Ամէնէն տարածուած պատճառը: Առաջին նախանշանները կ՛ըլլան տարբար մակարդակի խանգարումներ` սորվելու, յիշելու, յատկապէս կարճատեւ յիշողութեան:

Գ.- Վասքիւլըր Տիմենշիա.- Այս ուղեղային խանգարումի պատճառը, դէպի ուղեղ անբաւարար արիւն հասնելու կացութիւնն է` յառաջացնելով տարբեր մակարդակի ուղեղային կաթուածներ: Հիւանդութեան ընթացքը շատ նման է Ալզայմըր հիւանդութեան:

Դ.- Լէուի Պատի Տիմենշիա.- Երբ անբնական սպետներ (փրոթէին) կը կազմուին ուղեղի տարբեր բջիջներու մէջ: Այս հիւանդութիւնը առնչուած է Փարքինսըն հիւանդութեան հետ:

Ե.- Տիլերիում.- Զառանցանք – Այս վիճակը կը յատկանշուի`

1.- Շատ արագ ընթացքով

2.- Առաջին հանգրուանին ուշադրութեան տկարացում

3.- Հիւանդը կ՛ըլլայ շատ աշխուժ կամ հակառակը` շատ դանդաղ

4.- Յաճախ այս երեւոյթը կ՛ունենայ իր կանխող ախտանշանները, ինչպէս` մարմինի տարբեր բորբոքումներ, սրտանօթային հիւանդութիւններ եւ այլն:

Զ.- Պայ Փոլար Տիսորտըր.- Երկբեւեռային ուղեղային խանգարումներ: Անհատը կ՛ունենայ ծայրայեղ «երջանիկ» պահեր, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ մեկուսացման, ընկճուածութեան ժամանակաշրջաններ:

Աւարտին տոքթ. Յարութիւն Այնթապլեան զանազան օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES