Վերջին Տեղեկութիւններ` Քեսապէն

Երէկ կապ հաստատեցինք Լաթաքիոյ մէջ «Ազդակ»-աշխատակիցին հետ, որ հաստատեց, որ Գէորգ Ճուրեանը` Բաբգէն եւ Նուարդ Ճուրեաններու որդին, 21 մարտին Քեսապի վրայ զինեալ ծայրայեղաականներու կողմէ կատարուած յարձակումներէն ետք զոհուած է, երբ ծայրայեղ իսլամականներ Քեսապ մնացած հայ ընտանիքներու տուները ներխուժած են զէնք փնտռելու պատրուակով: Սպանութիւնը կատարուած է Քեսապի մէջ, երբ տարեցներէ բաղկացած խումբ մը հայեր կը տարհանուէին Թուրքիոյ Վաքըֆ գիւղը:

Քեսապի վրայ կատարուած յարձակումներուն պատճառով աւելի քան 600 հայ ընտանիքներ տեղահանուած են, եւ այժմ կը գտնուին ապահով վայրերու մէջ, բացի 10 հայ անհատներէ, որոնք տակաւին անյայտ կորածներու ցանկերուն մէջ կը գտնուին:

«Ազդակ»-ի աշխատակիցը յայտնեց, որ Գէորգ Ճուրեանի յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուած է իր հայրը:

Share this Article
CATEGORIES