Զրոյց «Սիվիլնէթ»-ի Լրագրող Մարիա Թիթիզեանի Հետ` Լաթաքիա Տուած Այցելութեան Եւ Լրատուամիջոցին Մասին

MariaTitizian_1104Նախորդ շաբաթներուն Քեսապի մէջ տեղի ունեցած զարգացումներուն եւ իրադարձութիւններուն լուսաբանման մէջ իրենց դերը ունեցան բոլոր լրատուամիջոցները` սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի: Լաթաքիոյ մէջ ապաստան գտած քեսապահայերուն վիճակին մօտէն ծանօթանալու, անոնց հետ զրուցելու միտումով քանի մը օր առաջ Լաթաքիա այցելեցին «Սիվիլնէթ»-ի լրագրողներ Սեդա Գրիգորեան եւ Մարիա Թիթիզեան:

Այս այցելութեան մասին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս «Սիվիլնէթ»-ի մասին տեղեկութիւններ առնելու նպատակով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ Մարիա Թիթիզեանին հետ, որ խօսեցաւ Լաթաքիոյ մէջ իր ապրած փորձառութեան եւ տպաւորութեան մասին: Ան նաեւ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ հայաստանեան լրատուական դաշտին` շեշտը դնAdd Newելով «Սիվիլնէթ»¬ի գործունէութեան եւ յատկապէս քաղաքացիական շարժումներուն մասին ուղիղ հեռարձակումով լուսաբանելու իրենց ճիգերուն վրայ:

Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: Զրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES