Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի Երկրորդ Նիստի Գումարում
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի 2-րդ նիստը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Ազգային երեսփոխաններուն, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Կրօնական ժողովի անդամներուն, Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ գործող խորհուրդներու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն, թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն, նաեւ Ազգային վարժարաններու տնօրէններուն:
Ազգային երեսփոխանական ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան բացուած յայտարարեց ժողովը: Սրբազան հօր բացման աղօթքին յաջորդեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամի ընթերցում` Խաչիկ քհնյ. Միսիրեանի կողմէ:
Ապա ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան ըստ օրակարգի կատարեց նախորդ երեսփոխանական ժողովի ատենագրութեան ընթերցում եւ վաւերացում:
Այնուհետեւ «փաուըր փոյնթ»-ով ներկայացուեցան Կրօնական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրները եւ կատարուեցաւ անոնց քննարկումը:
Հաշուեքննիչ յանձնախումբի զեկուցումին յաջորդեց 2013 տարեշրջանին իրականացած հաշուեկշիռի ներկայացումը եւ քննարկումը, նաեւ 2014 տարեշրջանի նախահաշիւի պիւտճէի ներկայացումը եւ հաստատումը:
Ապա առիթ տրուեցաւ ժողովականներուն առաջարկներ ներկայացնելու եւ թելադրութիւններ կատարելու նոր ընտրուելիք Ազգային վարչութեան:
Աւարտին ժողովի նախագահ Յակոբ Լատոյեան կարդաց Կրօնական ժողովի, Ազգային վարչութեան եւ հաշուեքննիչ յանձնախումբի առաջարկուած թեկնածուներուն անունները, որոնք վաւերացուեցան ժողովին կողմէ:
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան
Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան
Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան
Նարեկ քհնյ. Հէճինեան
Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ (Քաղաքական ժողով)
Գրիգորիս Պողարեան
Ալեն Պալեան
Ալեքսան Մուրատեան
Յակոբ Թէրզեան
Հիլտա Պայրամեան
Ռոպէր Մինասեան
Թամար Տէր Պետրոսեան
Վերա Պչաքճեան
Ալեքսան Ջուլհաճեան
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան յայտնեց, որ կարգ մը մտահոգութիւններ, որոնք ներկայացուեցան, մեր մտքերուն մէջ կը ձեւաւորուին, որ իրար օգնելով կարենանք մեր կեանքին մէջ գտնուող խոչընդոտները յաղթահարել: «Մեր եկեղեցին մեր ժողովուրդի աջակցութեամբ շատ ընելիք ունի ինքն իրեն համար», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է մեր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ կատարել, որպէսզի կարենանք յարատեւել եւ քայլ պահել կեանքին հետ: Ան շեշտեց, որ պէտք է որդեգրել նոր ձեւեր որպէսզի կարենանք գործել ներկայ կեանքի պահանջներուն համաձայն:
«Մենք ուրախ ենք մեր իրագործումներով եւ պատրաստակամութիւն ունինք միասին շարունակելու մեզի վստահուած գործը», շեշտեց սրբազանը եւ գնահատեց Ազգային վարչութեան երկամեայ աշխատանքը, յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային երեսփոխաններուն իրենց տրամադրած ժամանակին համար եւ պահպանիչով փակեց ժողովը:

