Լաւրով. «Պատրաստ Ենք Ուքրանիոյ Տագնապին Շուրջ Քառակողմ Հանդիպումին Մասնակցելու»

Սերկէյ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ուքրանական տագնապին լուծման համար նախատեսուած միջազգային քառակողմ հանդիպումին մասնակցելուն, ինչպէս նաեւ պատրաստ է ռուսական կազին դիմաց Քիեւի ունեցած պարտքերուն հարցը քննարկելու:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը կրնայ տեղի ունենալ Ժընեւի մէջ` 14 ապրիլին:
Լաւրով յայտարարեց. «Եւրոպական Միութեան «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրը սկիզբէն, հակառակ մեր նախազգուշացումներուն, զարգացած է թաքուն, եւ յստակ դարձած է, որ անիկա մտածուած եղած է «զերօ արդիւնքով խաղ»-ի տրամաբանութեան հիման վրայ»:
«Այսօրուան հակառուսական տրամադրութիւններու հրահրումը տեղի կ՛ունենայ Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ երկիրներու մէջ ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան, ծայրայեղ արմատական խմբաւորումներու թիւի աճի, նոր նացիական դրսեւորումներու թոյլտուութեան ենթահողին վրայ, ըլլայ այդ Ուքրանիոյ մէջ կամ այլուր, ատիկա ակնյայտ վտանգ կը ներկայացնէ եւրոպական կայունութեան համար», աւելցուցած է ան:
Միւս կողմէ, Խրիմի հանրապետութեան պետական խորհուրդի երեսփոխանները միաձայնութեամբ հաստատեցին Խրիմի նոր սահմանադրութիւնը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ սահմանադրութեան նախագիծին ի նպաստ քուէարկած է 88 երեսփոխան:
Ըստ սահմանադրութեան, Խրիմը ժողովրդավարական իրաւական պետութիւն է` Ռուսիոյ դաշնութեան կազմին մէջ, իսկ անոր տարածքը Ռուսիոյ անքակտելի մասն է:
Խորհրդարանի նախագահը յայտնած է, որ Խրիմի Ռուսիոյ վերադարձը այն պատմութեան օրինաչափ աւարտն է, որ սկսած է 60 տարի առաջ:

