Լիբանանեան Պատերազմի 39-Ամեակի Նախօրեակին. Մինչեւ Հիմա Արգելափակեալներու Եւ Անյայտացածներու Ծնողները Պահանջեցին Վճռել Իրենց Հարազատներուն Ճակատագիրը

1975-ին բռնկած ու շուրջ 17 տարի տեւած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 39-ամեակի նախօրեակին խումբ մը ծնողներ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Պէյրութի «Սթարքօ» շրջանին մէջ: Մինչեւ հիմա Սուրիոյ բանտերուն մէջ արգելափակուած կամ ցարդ ճակատագիրը յստակացած լիբանանցի եւ ոչ լիբանանցի (սուրիացի, պաղեստինցի…) անյայտացածներու հարազատներ իրենց սիրելիներուն նկարները պարզելով պահանջեցին վճռել անոնց ճակատագիրը: Ցուցարարներուն մեծ մասին հարազատները յայտնեցին, որ իրենց սիրելիները անմեղ զոհերը դարձած են պատերազմի այս կամ այն կողմի քմահաճոյքին: Անոնցմէ շատեր «առեւանգուած» են իրենց տուներէն` շուտով վերադառնալու խոստումով: Ուրիշներ պատահական անցորդներ եղած են` ահաւոր բախումներով իրարու հակադրուած կողմերու շրջուն անցարգելներուն: Ցուցարարները պահանջեցին յստակացնել իրենց կորուսեալներուն եւ արգելափակեալներուն ճակատագիրը, ի հարկին` վերադարձնել անոնց աճիւնները: Անոնք յայտնեցին նաեւ, որ մեծ յոյսեր ունին մօտերս այս գծով երեսփոխաններ Ղասսան Մախայպերի եւ Զիատ Քատիրիի կողմէ ներկայացուելիք օրինագիծին գծով:

Ցուցարարները այս առիթով կոչ ուղղեցին ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն, հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի` միջամտելու եւ բարւոք լուծում մը գտնելու այս հարցին:

Share this Article
CATEGORIES