ՊՐԱԶԻԼԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ԿՐԵՄԻՈՅԻ ՄԱՐԶԻՉ ՌԵՆԱԹՕ ՀՐԱԺԱՐԵՑԱՒ
Պրազիլցի միջազգային նախկին յառաջապահ Ռենաթօ Փորթալուփիի, որ պրազիլական կազմերէն Կրեմիոյի մարզիչն էր, ներկայացուց իր հրաժարականը` այս տարեշրջանին խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
48 տարեկան Ռենաթօ, որ տասը ամիսէ ի վեր կը վարէր այս պաշտօնը, նախորդ տարեշրջանին բաւական լաւ արդիւնք արձանագրելով իր խումբին հետ գրաւեց 4-րդ դիրքը եւ ապահովեց 2011-ի լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի իր տոմսը:
Ան իբրեւ մարզիկ Կրեմիոյի հետ լաւ արդիւնք արձանագրեց, երբ 1983-ին տիրացաւ հարաւային ամերիկեան եւ աշխարհի ակումբներու տիտղոսներուն:
CATEGORIES Մարզական