Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.- ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ Կ՛ՈՒՆԵՆԱՅ ՍՓԻՏ ԹԵՍԹԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի, վաղը` կիրակի, 3 յուլիսին, տեղի պիտի ունենայ այս տարեշրջանի Սփիտ թեսթի 2-րդ հանգրուանի մրցումը` Այուն Սիմանի (Քֆարզըպիան) մէջ գտնուող «Ուարտէ» կառատան մէջ:

2-րդ հանգրուանի այս մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 36 ինքնաշարժներ:

Այդ ինքնաշարժներու վարորդներուն կարգին են երկու հայեր:

Առաջինը հանրածանօթ վարորդ Կարօ Յարութիւնեանն է, որ կը մասնակցի Պի. Էմ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. 330 Սի. Այ.ով:

Երկրորդ վարորդն է Յովիկ Գարակէօզեան (Միթսուպիշի Լենսըր Էվօ-9):

Նշենք, որ երէկ Հատասի մէջ գտնուող մեքանիքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցան ինքնաշարժներուն քննութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES