ԹԻԱԿՕ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԳՏՆՈՒԵՑԱՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՅԻ ՀԵՏ ՄՆԱԼՈՒ ՄԻՆՉԵՒ ՅՈՒՆԻՍ 2015
Եւրոպայի ախոյեան Պարսելոնայի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ ակումբին սպանացի միջնապահներէն Թիակօ Ալքանթարա համաձայն գտնուեցաւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգելու երկու տարիով, այսինքն` մինչեւ յունիս 2015:
20 տարեկան փլէյմէյքըր Թիակօ, որ ծնունդով պրազիլցի է, նախորդ տարուան մայիսին Պարսելոնայի հետ «Լա Լիկա»ի իր առաջին մրցումը կատարեց Մայորքայի դէմ: Վերջին երկու տարեշրջաններուն ան միշտ ալ դաշտ կը ներկայանար Պարսելոնայի Բ. խումբին հետ:
Ըստ սպանական մամուլին, ան ապագային պիտի ըլլայ Զաւին փոխարինողը: Վերջինս յառաջիկայ յունուարին պիտի ըլլայ 32 տարեկան:
Նշենք, որ Թիակօ նախորդ շաբաթավերջին ոչ միայն Սպանիոյ հետ հանդիսացաւ 21 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան, այլ նաեւ նշանակեց կոլ մը (2-0):
CATEGORIES Մարզական


