Խորհրդարանին Եւ Դրամատուներու . Ընկերակցութեան Միջեւ Բանավէճի Լոյսին Տակ Խորհրդարանական Յանձնախումբերը Շարունակեցին Աշխատավարձերու Յաւելման Թղթածրարին Քննարկումը

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանական նիստէն պահ մը

Խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերը երէկ յետմիջօրէին շարունակեցին աշխատավարձերու եւ յարակից բարեփոխումներու քննարկումները` նախագահութեամբ պիւտճէի եւ ելեւմուտքի հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի:

Նշենք, որ խորհրդարանական յանձնախումբերու միացեալ նիստը գումարուեցաւ ընկերային-աշխատաւորական բանավէճ առթող լարուած մթնոլորտի մը մէջ, երբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի մերժեց ընդունիլ Ֆրանսուա Պասիլի գլխաւորած Դրամատուներու ընկերակցութեան պատուիրակութիւնը` պահանջելով, որ Պասիլ հրապարակաւ ներում հայցէ երեսփոխաններու հասցէին կատարած իր յայտարարութեան համար, ուր ան «փտածութեամբ» կ՛ամբատանէր երեսփոխանները` զանոնք պատասխանատու նկատելով կացութեան ա՛յս հանգրուանին հասնելուն համար:

Նոյն ծիրին մէջ, Բարգաւաճում եւ ազատագրում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հանի Քպէյսի երէկ «սառեցուց» Ֆրանսուա Պասիլի դէմ բացած իր դատը: Արդարեւ, Պասիլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը խորհրդակցեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ` փորձելով միջին եզր մը գտնել ու «փրկել» կացութիւնը: Նախարար Խալիլ յայտնեց, թէ Պասիլի դէմ դատական հայցը առայժմ սառեցուած է, սակայն անոր վճռումը կախեալ է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, որովհետեւ կատարուած յայտարարութիւնը վարկաբեկիչ էր բոլոր երեսփոխաններուն համար:

 

Share this Article
CATEGORIES