Հիւսիսային Պեքաայի Ապահովութեան Ծրագիրի Գործադրութեան Լոյսին Տակ. Զօրավար Քահուաժի Նախագահին Եւ Վարչապետին Զեկուցեց Իրագործուած Քայլերուն Մասին
Հիւսիսային Պեքաայի մէջ անցնող երեքշաբթի երեկոյեան սկսած ապահովական ծրագիրի գործադրութեան զուգահեռ, բանակի հրամանատար զօրավար Ժան Քահուաժի երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ նախագահ Միշել Սլէյմանի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի, անոնց զեկուցեց ապահովութեան ծրագիրին գործադրութեան ծիրին մէջ ցարդ իրագործուած քայլերուն մասին:
Արդարեւ, ներքին ապահովութեան ուժերու, գործակցաբար բանակային խումբերու, երէկ շարունակեցին կայուն եւ շրջուն անցարգելներով «պահանջուող» թէ փախստական օրինազանցներու հետապնդումը: Այս ծիրին մէջ, ցարդ կարելի եղած է յայտնաբերել գողցուած յայտարարուած կարգ մը ինքնաշարժներ: Նմանապէս կարելի եղած է քողազերծել վերջերս Միշել Սաքր անունով պատանիի առեւանգիչներու թաքստոց-բնակարանը, ուր առեւանգուած կը պահուէր մանուկը: Նաեւ` այս գծով ձերբակալուեցան կարգ մը օրինազանցներ:
Միւս կողմէ, Թրիփոլիի Պապ Ռամլ շրջանի մզկիթներէն մէկուն մէջ աղօթողներու խումբ մը աղօթքէն ետք համախմբուեցան մզկիթին առջեւ` պահանջելով շէյխ Թարեք Մըրհիի եւ Ռումիէի բանտին մէջ Ֆաթհ Իսլամի թղթածրարին անուան տակ արգելափակուած անոր հետեւորդներուն ազատ արձակումը:
Նախապէս որոշուած էր զանգուածային ցոյց մը կազմակերպել` պահանջելու համար բանակային տարրերու հեռացումը շրջանէն: Սակայն մետասաներորդ պահուն եւ իբրեւ արդիւնք կատարուած սերտ շփումներու` ցոյցը վերածուեցաւ սովորական համախմբումի:
Նշենք, որ բանակային տարրեր երէկ խուզարկեցին նաեւ Մուսթաքպալ համախմբումի անդամ, երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի գրասենեակը, ուր փորձած էր ապաստանիլ զինեալ օրինազանց մը:
Աւելի ուշ, վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ յետմիջօրէին նախագահեց աշխատանքային նիստի մը` ներկայութեամբ նախարարներ Աշրաֆ Ռիֆիի եւ Ռաշիտ Տըրպեսի: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Թրիփոլիի ապահովութեան ծրագիրի գործադրութեան առնչուող նորագոյն զարգացումները:

