Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ծերակոյտի Յանձնախումբին Որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Կը Քննադատէ

1104TFMԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին որդեգրած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը քննադատող հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ իր տարածած հաղորդագրութեան մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը բանաձեւը որակած է «հապշտապ պատրաստուած» եւ «ոչ լուրջ»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անգամ մը եւս նշած է «1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին»` ընդգծելով արդար յիշողութեան եւ այս հարցին մէջ թուրքերու եւ հայերու միջեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դարձեալ յիշեցուցած է հայ-թրքական պատմաբաններու յանձնախումբ ստեղծելու իրենց առաջարկը` ըսելով, որ յանձնախումբի ստեղծման հարցը կը շարունակէ մնալ իրենց օրակարգին վրայ:

Նշենք, որ վերոնշեալ հաղորդագրութեան անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն թարգմանութիւնները աւելի ուշ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէն ջնջուեցան: Այնուհետեւ անոնց վրայ չնչին բարեփոխումներ կատարելէ ետք անոնք վերստին տեղադրուեցան:

Share this Article
CATEGORIES