Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ջանացէք ճշդել ձեր ընելիքը` առանց տատամսելու, որպէսզի չուշանաք ձեր պարտականութիւնը իրագործելու: Ինքնավստահ եղէք եւ քաջասիրտ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Քունը անհրաժեշտութիւն է: Եթէ կը դժգոհիք քունի պակասէն, նախքան անկողին մտնելը` հաճելի գիրք մը կարդացէք կամ կատակախառն ժապաւէն մը դիտեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծրագրաւորուած ու դասաւորուած աշխատանքը շուտ կ՛աւարտի: Երբեք երկու գործ իրարու մի՛ խառնէք: Հերթով կատարեցէք` տեղ տալով նախ առաջնահերթին: Ժամանակի խնայողութիւն կ՛ունենաք եւ չէք շուարիր:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Տրուած ժամադրութիւնը յարգեցէք, մանաւանդ երբ մրցակցութեան հարց մը ունիք: Ձեր մեծաւորները, տնօրէնը կամ վարպետը նկատի պիտի առնէ ձեր բծախնդրութիւնը եւ ծառայասիրութիւնը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բուսական աշխարհը կը հետաքրքրէ ձեզ, հետեւաբար մնացէք ձեր նախասիրութիւնը յարգող: Օրը ունի հաճելի պահերու առիթ: Ուրախացէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոր գիտութիւնը ձեզի նոր ուղղութիւն կու տայ համակարգիչի շնորհիւ: Նոյն ատեն մի՛ արհամարհէք ընթերցանութիւնը, որ աղբիւրն է զարգացման:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դաստիարակութիւնը կը սկսի փոքր տարիքէն: Եթէ ունիք զաւակներ, ուշադիր եղէք անոնց դաստիարակութեան: Կարեւոր է երգը եւ մանկական գիրքը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը, որպէսզի անհամ կացութեան չդատապարտուիք: Կեդրոնացած միտքով աշխատեցէք, կ՛օգտուիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ թեթեւ ցաւ մը զգաք` գլխու կամ ականջի, մի՛ ծուլանաք բժիշկին այցելելու: Օրը կը թելադրէ ըլլալ արթուն, մասնաւորաբար` առողջական հարցերու պարագային:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հեռու մնացէք շատախօսներէ, խօսք արծարծողներէ, որոնք կը փորձեն ձեր պարզամտութիւնը: Գաղտնիք մի՛ տաք ոեւէ անձի: Ձեր հարցը ձեզի պահեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ մեկուսանաք ձեր անկիւնին մէջ: Եթէ եոկա մարզաձեւը կը սիրէք, կ՛արժէ հետեւիլ: Օգտակար գիտելիքներով զբաղեցէք` կարդալով կամ համակարգիչով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեռային աշխատանքներով պիտի զբաղիք, եթէ արուեստասէրի խառնուածք ունիք: Ձեր շնորհները ծաղկեցնելու առիթը մի՛ փախցնէք: Օրը յաջողութիւն ցոյց կու տայ:

