50 Տարի Առաջ (14 Ապրիլ 1964)

Հայկազեան Քոլեճի Կազմակերպութեամբ

Փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտիի
Հայագիտական Դասախօսութիւնները

Հայկազեան քոլեճի տնօրէնութեան հրաւէրով գաղութս բախտը ունեցաւ վայելելու ներկայութիւնը մեծ հայագէտ, Փարիզի Հայագիտական ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Ֆրետերիք Ֆէյտին, որ տուաւ քոլեճի մէջ վեց յաջորդական դասախօսութիւններ, եւ որոնց մեծ մասին արդէն անդրադարձանք ժամանակին: Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ դասախօսութիւններու նիւթերը. «Գրաբար լեզուի հոլովման դրութիւնը», «Գրաբար լեզուի խոնարհման դրութիւնը», «Հոլովման ու խոնարհման դրութեանց փոփոխութիւնները պատմական շրջանին», «Գրաբար լեզուի վիճակը դասական շրջանին եւ անոր կարեւորութիւնը», «Արդի հայոց լեզուի տրամաբանական կառուցուածքը» եւ վերջինը` «Հայ հին մատենագրութեան դիրքը միջազգային գրականութեան մէջ»:

Նախքան այս վերջին դասախօսութեան սկսիլը` վերապատուելի Խռլոբեան Հայկազեան քոլեճին եւ ներկաներուն կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց յարգելի հայագէտին, որ իր ներկայութեամբ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց լիբանանահայ գաղութին մէջ, մաղթելով ամէն տարի մեր մէջ ունենալ յարգելի փրոֆեսէօրը:

Իր նիւթին անցնելով` փրոֆ. Ֆէյտի ճշդեց, թէ ինք լեզուագէտ մըն է առաւելաբար, բայց ծանօթացած է հայ հին թէ նոր գրականութեան, սիրած է եւ խանդավառուած` անով: Դժբախտաբար հայ մատենագրութիւնը հինէն ի վեր մնացած է անծանօթ միջազգային գրական շրջանակներուն: Նոյնիսկ Մեծն Տիգրան, մինչեւ այս կողմերը գալով, յաջողեցաւ հսկայ կայսրութիւն մը ստեղծել, սակայն չյաջողեցաւ հայոց լեզուն տարածել նուաճուած ժողովուրդներուն մէջ, որովհետեւ երկար չտեւեց այդ կայսրութիւնը:

Ե.-րդ դարուն, ճիշդ է, հայութիւնը ունեցաւ հարուստ մատենագրութիւն, բայց այդ շրջանին հռոմէական եւ յունական հսկայ կայսրութեանց սահմաններուն մէջ տարածուած էին լատիներէնն ու յունարէնը: Այս լեզուներով կը խօսէին եւ կը գրէին բազմաթիւ ժողովուրդներ, որոնց մէջ նաեւ` օտարներ: Հայերը, քաղաքականապէս տկար, չկրցան իրեն լեզուն պարտադրել օտար ազգերու. չունէին բանակ, հետեւաբար աւելի առին, օգտուեցան յոյն, լատին եւ ասորի մշակոյթներէն, քան տուին: Այստեղ հարց մը կը ծագի: Արդեօք հայ մատենագրութիւնը ընդօրինակութի՞ւն է միջազգային այդ շրջանի գրականութեան: Շատ մը հայ բանասէրներու այս կարծիքին համաձայն չեմ, քանի որ հայ մատենագրութեան մէջ ալ կը գտնուին ստեղծագործ էջեր:

Ե. դարուն ֆրանսական գրականութիւն գրեթէ գոյութիւն չունէր. լատիներէն լեզուն էր տիրապետողը, որ հետզհետէ սկսաւ դառնալ ֆրանսերէն: Այդ շրջանին գրականութիւնը կրօնական էր, ներշնչման նոյն թեման ունէին բոլոր քրիստոնեայ ազգերու գրականութիւնները: Այս երեւոյթին  կը հանդիպինք Ե. դարու հայ մատենագրութեան մէջ:

Եզնիկ Կողբացիի գործը ժամանակի պահանջի բնական մէկ արտայայտութիւնն է: Կան այնտեղ իմաստասիրական եւ վարդապետական շատ ուժեղ ազդեցութիւններ Գ.-րդ դարուն յոյն իմաստասիրութենէն, բայց ունի նաեւ ինքնատիպ գաղափարներ, իւրայատուկ մեկնաբանութիւններ, որոնք մեզ կը մղեն ըսելու, թէ հայ մատենագրութիւնը քայլ մը կը պահէ տիեզերական մատենագրութեան հետ: Յիշենք անմիջապէս, որ հայը նոյնիսկ Դ. դարուն կրնար ունենալ նոյն կրօնական մատենագրութիւնը, եթէ ունենար գիր:

Հայ պատմութիւնը եղած է ժամանակագրութիւն կամ վարք սրբոց: Բացառութիւն կը կազմէ հռչակաւոր Մ. Խորենացին: Ան, ո՛ր դարու ալ պատկանի, կը մնայ հայ թէ օտար մատենագրութեան մէջ որպէս նշանաւոր պատմաբան: Իր նիւթերուն կը մօտենայ կասկածանքով, կը քննէ բոլոր աղբիւրներ, կը ստուգէ, կը բաղդատէ եւ ապա միայն կը համադրէ արդի գիտական ոճով, անշուշտ պէտք է անտեսել երբեմնի սխալներն ու նախապաշարումները: Խորենացին հայ մատենագրութեան մէջ եզակի դէմք մըն է նաեւ իր հայրենասիրութեամբ եւ պատմութեամբ ստեղծած խանդավառութեամբ:

Խօսելով Մ. Խորենացիին մասին` կրնամ ըսել, որ կարելի չէ բոլոր ազգերու մօտ իր ժամանակին Խորենացիի նման պատմիչներ գտնել:

Երբ կը խօսինք մատենագրութեան մասին, անմիջապէս պէտք է ճշդենք ժամանակը, որովհետեւ հին շրջանի պատմութիւնը, ուսողութիւնը, աստուածաբանութիւնը մաս կը կազմէին մատենագրութեան, հիմա այս նիւթերը մաս կը կազմեն գիտութեան, իսկ ասոնց փոխարէն` գրականութիւնը նոր ճիւղերու բաժնուած է: Վերոյիշեալ սեռերը հին մատենագրութեան, մասնաւորաբար հաւատարիմ կրօնական գիտելիքները ժողովուրդին ծանօթացնելու համար օտար հեղինակներու նման հայերն ալ սկսան լքել դասական լեզուն եւ գրել ժողովուրդին կողմէ հասկնալի լեզուով: Այսպէս, Ս. Ֆրանսիսքոս սկսաւ ուղղակի իտալերէն գրել իր գովաբանական շարականները` լատիներէնի փոխարէն, սակայն նոյնքան յաջող եւ բանաստեղծական թռիչքով հայերը Ս. Ֆրանսիսքոսէն 80 տարի առաջ ծնած էին Շնորհալին, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ հայերը ոչ միայն չեն ընդօրինակած, այլ նոյնիսկ երբեմն կանխած են մեծագոյն մշակոյթի նուաճումները ու միշտ քալած միջերկրականեան մատենագրութեան հետ:

Այս շատ խանդավառ դասախօսութիւնը վերջ գտաւ: Ներկաներու կարգ մը լեզուական հարցումներուն սիրով պատասխանեց յարգելի դասախօսը:

Շատ ուրախ պիտի ըլլայինք այս դասախօսութիւնները գրքոյկով մը հրատարակուած տեսնելով:

Ա.

Ընտրական Քրոնիկ

Պուրճ Համուտի Հայութիւնը Միակամ
Պիտի Իջնէ Ընտրապայքարի

Յաջորդաբար երկու կիրակի, ապրիլ 5-ին եւ 12-ին, երեսփոխանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան Հիւսիսային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ` խորհրդարան ղրկելով 35 երեսփոխաններ:

Բոլոր շրջաններուն մէջ ալ ընտրութիւնները տեղի ունեցան կատարեալ կարգապահութեամբ եւ հանդարտ մթնոլորտի մէջ, հակառակ անոր որ մրցակցութիւնը եղաւ բուռն կարգ մը վայրեր, ուր գրեթէ հաւասար ուժ ունեցող թեկնածուներ ու ցանկեր իրարու դէմ պայքարի ճակատ յարդարած էին:

Յառաջիկայ կիրակի, 19 ապրիլ, դադար պիտի տրուի, յաջորդ կիրակին` ապրիլ 26-ին կատարելու համար Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի ընտրութիւնները:

Պէյրութ բաժնուած է ընտրական երեք շրջաններու, որոնցմէ առաջինը կու տայ ութ երեսփոխան, երկրորդը` երեք, երրորդը` հինգ:

Առաջին շրջանին մէջ ութի վրայ հինգ թեկնածուներ ինքնաբերաբար ընտրուեցան, մինչեւ անցեալ ուրբաթ գիշեր որեւէ թեկնածու ներկայացած չըլլալով իրենց դէմ: Ընտրուած թեկնածուներն են` փաղանգաւորներու թեկնածու` Փիեռ Ժեմայէլ եւ Ժոզեֆ Չատեր եւ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածու Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան եւ Սուրէն Խանամիրեան:

Մեր ցանկի մնացեալ երեք թեկնածուներուն` Ֆուատ Պութրոսի, Անթուան Սեհնաուի եւ Շարլ Սաատի դէմ ներկայացած են քանի մը թեկնածուներ: Համաձայն ցանկի բոլոր թեկնածուներուն ստորագրած պայմանագրութեան, ամբողջական մասնակցութեամբ պիտի ապահովուի նաեւ անոնց յաղթանակը:

Նոյն օրը տեղի պիտի ունենան նաեւ Լեռնալիբանանի ընտրութիւնները, որոնք մասնաւորաբար կը շահագրգռեն մեզ հիւսիսային Մեթնի շրջանով, որուն վարչականօրէն մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտը:

Հիւսիսային Մեթնի ժողովրդային ցանկը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅ Դաշնակցութեան թեկնածուն` Անտրէ Թապուրեան, իր կազմութեան առաջին օրէն սկսեալ մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ շրջանի բնակչութեան կողմէ, որ մեր ցանկակիցներու` զօրավար Ժեմիլ Լահուտի, Մորիս Ժեմայէլի, Միշել Մըրի եւ Խալիլ Ապի Ժաուտէի մէջ կը տեսնէ իր ամէնէն արժանաւոր ներկայացուցիչները:

Մասնաւորաբար Պուրճ Համուտի հայութիւնը, ՀՅ Դաշնակցութեան կողքին, մէկ մարդու պէս կեցած է այս ցանկի ետին` զայն անպայմանօրէն յաղթանակի առաջնորդելու անդրդուելի վճռակամութեամբ:

Միւս կողմէ` Հիւսիսային Մեթնի բոլոր գիւղերուն մէջ այս ցանկին վայելած արտակարգ համակրանքն ու վստահութիւնը, միանալով Պուրճ Համուտի հայութեան միասնակամ կեցուածքին եւ հաւաքական քուէին, ամէն երաշխիք կու տայ մեր ցանկի յաջողութեան համար:

Պուրճ Համուտի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը իր բազմաթիւ ենթայանձնախումբերով տենդագին եւ կանոնաւոր աշխատանքի լծուած է հաւաքական քուէն կեդրոնացնելու համար մեր ցանկին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES