Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Խումբերուն Շաբաթավերջը

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք լիբանանեան ֆութպոլի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի խումբերը ճակատումներ ունին կատարելիք:

Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Շարքի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ահտի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 3:30-ին:

Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, այս մրցումը պիտի ըլլայ դռնփակ` առանց համակիրի, նկատի ունենալով, որ մրցակից կազմին համակիրները, նախորդ մրցումին գտնուեցան անկարգապահ, ինչ որ ստիպեց ֆետերասիոնը, որ արգիլէ համակիրներուն դաշտ մուտք գործելը:

ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի, որ ոչ մէկ ճիգ խնայել մրցակիցէն առաւելագոյն երեք կէտը խլելու համար:

Լիբանանի կրտսերներու ախոյեանութեան 8-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ այս շաբաթավերջին մրցում չունի կատարելիք:

Կիրակի, 27 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ Նըժմէի դաշտին վրայ պիտի մրցի Անսարի դէմ:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ մաս կը կազմէ Լեռնալիբանանի նահանգին, վաղը յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Ահտի դաշտին վրայ պիտի մրցի Սաքաֆի Շըհիմի դէմ:

 

Share this Article
CATEGORIES