Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ռիատի Պէյրութ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը: Մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

Նշենք, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ արդէն իսկ հրապարակուեցաւ դարձի մրցումներուն յայտագիրը, որ կը սկսի երեքշաբթի, 15 ապրիլին` Պիլիվըրզ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս բացման մրցումով:

Դարձի մրցումներուն յայտագիրին մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:

Share this Article
CATEGORIES