Յայտարարութիւններ (12 Ապրիլ 2014)
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Վարչութիւն
Համագործակցութեամբ`
Donner Sans Compter-ի
“BLOOD DRIVE”
Ի յիշատակ 1915-ի Մեծ Եղեռնի զոհերուն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Անթիլիաս:
ՀՐԱՒԷՐ
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սեպուհ Սիւմպիւլեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրաչ Սիւմպիւլեան եւ զաւակունք
Տիար Մուրատ Սիւմպիւլեան
Մեթր Սիւմպիւլ Յարութիւն Սիւմպիւլեան
Տէր եւ տիկին Սիւմպիւլ Կարապետ Սիւմպիւլեան
Տէր եւ տիկին Մանօ Սիւմպիւլեան եւ զաւակունք
Տիար Զարեհ Սիւմպիւլեան
Տէր եւ տիկին Երուանդ Եարալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Զոհրապ Եարալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ Եարալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Տիգրան Եարալեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Արամ Յակոբ Եարալեան եւ զաւակունք
Տիկին Ալիս Խաչատուրեան
Տէր եւ տիկին Ասատուր Ասատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յակոբ Ասատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սերոբ Ասատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Զգուշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սարգիս Զգուշեան եւ զաւակունք
Տիկին Ռոզին Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Դոռիկ Խաչատուրեան եւ զաւակունք
Տիկին Լուսին Գարակէօզեան եւ զաւակունք
Սիւմպիւլեան եւ Եարալեան ընտանիքներ
Խաչատուրեան եւ Ասատուրեան ընտանիքներ
Զգուշեան եւ Տեմիրճեան ընտանիքներ
Գարակէօզեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՎԱԼԱՆԴԻՆ ՍԻՒՄՊԻՒԼԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ԵԱՐԱԼԵԱՆ, 1936-ին)
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 12 ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
- Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 13 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Ուրիշեան եւ զաւակը` Արա (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վիքթոր եւ Թալին Ֆղալի եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Շաղիկ Սեփեթճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ալիս Ուրիշեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Թամի Հատիտեան եւ դուստրը
Տիար Վիգէն Ուրիշեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Ատուր եւ Արաքսի Ուրիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անի Ուրիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Յակոբ Գարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Սալբի Ուրիշեան-Սանկաքիս եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Ատնան եւ Անի Ուրիշեան-Պըրրի եւ զաւակը (Գերմանիա)
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թալին Ուրիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւագ եւ Լիլի Ուրիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Հուրիտ Հատիտեան եւ զաւակունք
Սոնա Չոլաքեան
Ուրիշեան եւ Ֆղալի ընտանիքներ
Սեփեթճեան եւ Հատիտեան ընտանիքներ
Սանկաքիս եւ Չոլաքեան ընտանիքներ
Թիւթիւնճեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Գալճեան եւ Քիւրեճեան ընտանիքներ
Պաղպուտարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, խնամիին եւ հարազատին`
ՏԻԳՐԱՆ ՈՒՐԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1929-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 ապրիլ 2014-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 12 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան «Օլտ Նորթ Չըրչ» մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի նոյն գերեզմանատան մէջ:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Վերա Մանայեան
Տէր եւ տիկին Պերճ եւ Լենա Մանայեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժորժ եւ Դալար Ժապպուր եւ զաւակունք
Տիկին Արաքսի Մանայեան եւ զաւակները` Քեթի եւ Ալեք
Տիար Յարութիւն Տիրացույեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Զարմիկ Երէցեան եւ զաւակունք
Տիար Կարապետ Շաքլեան
Տէր եւ տիկին Գէորգ եւ Լուսին Շաքլեան եւ զաւակունք
Մանայեան եւ Ժապպուր ընտանիքներ
Տիրացույեան եւ Երէցեան ընտանիքներ
Շաքլեան եւ Ասատուրեան ընտանիքներ
Թոք ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՇԱՀԷ ՄԱՆԱՅԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պէյրութ, 1931-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, իր բնակարանին մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 12 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, իսկ կիրակի, 13 եւ երկուշաբթի, 14 ապրիլին, հանգուցեալին բնակարանը, Նիւ Հանքաշ, «Գառնի» շէնք, 3-րդ յարկ:
———————————————————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սարգիս Տեմիրճեան
Տէր եւ տիկին Սարգիս Գուլաւեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Գօգօ Ղազարեան եւ զաւակունք
Տիկին Մարօ Սաղըրեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին տոքթ. Անդրանիկ Տեմիրճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Մանուկ Մելքոնեան եւ ընտանիք
Տէր եւ տիկին Հրաչ Մելքոնեան եւ ընտանիք
Ժամկոչեան ընտանիքներ
Պոյաճեան ընտանիքներ
Ճինպաշեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ, մօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ ուրբաթ, 11 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————————-
ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ
ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Սիրելի՛ հայորդի,Հայ կաթողիկէ երիտասարդութեան Քեսապի շտապ օգնութեան մարմինը կոչ կ՛ուղղէ համայն լիբանանահայութեան աշխուժ կերպով մասնակցելու իր կազմակերպած դրամահաւաքին` առ ի զօրակցութիւն տեղահանուած մեր քեսապահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Վստահ եղէք, որ ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները այս դժուարին օրերուն դիմադրութեան եւ յոյսի շունչ պիտի տան քեսապահայ մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի յաղթահարեն առկայ դժուարութիւնները եւ վերադառնան իրենց բնակավայրերը:
Նուիրատուութեան կեդրոններ`
Հայ կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Էշրեֆիէ
(երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00)
Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ / Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Տըպպաս Հրապարակ (երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00)
Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Պուրճ Համուտ
(երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00)
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Զալքա (երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00)
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
ՔԵՍԱՊԻ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
———————————————————————————-
ԼԵՄ-Ի ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ`
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐ
Ահա 99 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն, եւ անոր ժխտումի քաղաքականութիւնը կը շարունակուի: Հայ ժողովուրդը տասնեակ տարիներէ ի վեր կը պայքարի իր իրաւունքներուն, հատուցման եւ պատմական Հայաստանի վերականգնումին համար: Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ հսկայ դեր ունեցած է եւ տակաւին ունի երիտասարդութիւնը, մասնաւորապէս Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ պայքարի շունչով պիտի ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը:
Ոգեկոչման աշխատանքներու լայնածաւալ ծիրին մէջ, կարեւոր տեղ կը գրաւեն ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի` տարբեր շրջաններու մասնաճիւղերու կազմակերպած ժողովրդային ձեռնարկները, որոնցմէ կը նշենք.
- 16 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղ. հաւաք` ժամը 7:30-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ առջեւ, ապա քայլարշաւ դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խաղավայր:
- 21 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղ. քայլարշաւ` ժամը 7:30-ին Նահատակաց հրապարակէն Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ, ուր տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկ, ժամը 8:00-ին:
- 22 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղ. «Ս. Թեհլիրեան» ակումբին կից ձեռնարկ, ապա մոմավառութիւն Նոր Ամանոսի հրապարակ, ժամը 7:30-ին:
- 23 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ հսկում Աւետարանական եկեղեցւոյ Հետվիկ սրահին մէջ, ապա քայլարշաւ դէպի Ս. Պօղոս եկեղեցի (Այնճար):
- 25 ապրիլ 2014, ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի ձեռնարկ` Ֆանարի մատրան կից, երեկոյեան ժամը 8:00¬ին:
Լիբանանահայ մեր գաղութը եւ մասնաւորապէս հայ երիտասարդը կը հրաւիրենք մասնակցելու վերոյիշեալ ձեռնարկներուն` անգամ մը եւս օծւելու պայքարի, պահանջատիրութեան եւ աննկուն կամքի ոգիով:
ՀՅԴ-ԼԵՄ
———————————————————————————-
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին:
Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան` լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ` ԱՅՆՃԱՐ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի առիթով Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԵՊՍ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Ժամերգութեան սկիզբ` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:30-ին
Մանուկներու օրհնութիւն` ժամը 12:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սրբազան հօր դիմաւորումին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին` ապա` սուրբ պատարագին եւ լսելու սրբազան հօր պատգամը:
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ
ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ԱԲՂՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ եւ թափօր` ժամը 11:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւն, զոր յաւուր պատշաճի պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ԱԲՂՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ծաղկազարդի տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ պիտի մատուցուի:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ դռնբացէքի արարողութիւնը պիտի կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԻՐԱՅՐ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան Ս. պատարագին եւ յետմիջօրէի արարողութեան, լսելու պատգամը եւ հաղորդուելու Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդով:
Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կու գանք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:
Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան:
ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր` ժամը 11:30-ին
Երեկոյեան դռնբացէքի արարողութիւն ժամը 5:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան Ս. խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ
ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Էշրեֆիէ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
– Ժամերգութիւն` ժամ 7:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
– Օրհնութիւն մանուկներու` դասին մէջ ժամը 11:15-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզի եւ թափօրին նախագահէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱԿ ԱԲՂՅ. ԱՐԱՊԵԱՆ
– Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
– Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին
– Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ դռնբացէքի արարողութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ յետմիջօրէի արարողութեան` լեցուելու համար Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ`
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Սուրբ պատարագի ընթացքին, պիտի կատարուի ուռերու օրհնութիւնը, ապա` Ս. պատարագի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօրը եւ անդաստանը եկեղեցւոյ բակին մէջ` մանուկներու, երիտասարդներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Անդաստանէն ետք, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները կ՛ընդունի եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, պիտի կատարուի դռնբացէքի արարողութիւն եւ Ս. հաղորդութեամբ օրհնութիւն:
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ թափօրին նախագահէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՀՐԻՃ ԱԲՂՅ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Թափօր` ժամը 11:00-ին
Երեկոյեան դռնբացէքի արարողութիւն` ժամը 4:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ դռնբացէքի արարողութեան, լսելու հայր սուրբին պատգամը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
Արձագանգելով «Արցախ ֆոնտ»-ի` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրի կոչին`
Յակոբ Յակոբեանի մահուան առիթով (մահացած Հալէպ)`
Մելքոն Յակոբեան 100,000 լ. ո.
———————————————————————————-
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը տեղեկացնում է, որ Հայաստանի նախագահի 2014 թուականի մարտի 18-ի թիւ 37-Ա հրամանագրով ներքոյիշեալ համարների ստացագրեր ունեցողներին շնորհուել է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն:
6916, 7851, 7765, 7766, 7683, 6357, 7659, 7624, 7678, 5660, 7699, 7554, 7874, 7724, 7888, 7454, 7445, 7737, 7778, 7832, 7548, 7846, 7462, 7602, 7847, 7363, 7772, 7471, 7665, 6643, 7662, 7370, 7397, 7671, 7460, 6799, 6931, 7500, 7612, 7797, 7373, 7859, 7782, 7783, 7784, 7441, 7697, 7696, 7440, 7618, 7594, 7836, 7835, 7738, 7741, 7610, 7505, 7812, 7716, 1614, 8540, 7714, 7713, 7623, 7661, 7889, 7658, 7604, 7669, 7810, 7708, 7710, 7427, 7392, 6800, 8542, 5824, 7701, 1615, 7638, 7388, 7767, 7771, 7770, 7490, 8659, 7358, 7398, 7399, 7400, 7780, 7700, 7885, 7592, 7366, 7558, 7711, 6418, 7473, 7502, 7660, 5684, 6592, 6353, 7763, 7663, 7773, 7601, 7626, 7423, 7336, 7830, 7667, 7491, 7707, 7789, 7854, 6913, 7430, 6344, 7837, 7990, 7469, 8625, 7287, 7796, 8480, 7879, 7517, 7664, 7492, 5345, 7799, 7881, 7842, 7841, 7588, 7533, 7670, 7367, 7709, 7555, 7768, 7403, 7762, 7723, 7654, 6348, 6358, 7887, 7357, 7676, 7476, 7806, 7529, 7883, 7639, 7569, 7568, 7593, 7875, 7850, 6909, 5773, 7571, 7726, 7880, 7764, 7506, 7444, 7596, 7425, 7404, 7605, 7426, 7712, 7833, 7965, 7498, 7691, 7706, 7607, 7465, 7328, 6324, 7848, 7436, 7450, 7494, 7318, 7316, 7480, 7570, 7353, 8011, 7672, 7674, 7864, 7562, 7461, 6334, 7735, 7791, 7718, 7335, 7829, 7717, 7472, 7774, 7653, 7451, 6354, 7641, 7642, 7418, 6569, 8807, 8805, 7655, 7702, 7740, 7739, 7876, 6570
(շարունակելի)
Լրացուցիչ մանրամասնութիւնների համար խնդրում ենք դիմել Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն:
———————————————————————————-
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ
դաստիարակչական յանձնախումբ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՍԷՄ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչ
ՍԱԳՕ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին կէսօրուան ժամը 1:30-էն սկսեալ, «ԶԷՅՆ» ճաշարանին մէջ` Ժտէյտէ, «Հըքմէ» պարտէզին կից:
Տոմսերը ապահովելու համար դիմել 76-325772, 03-021440 եւ 03-009118 թիւերուն:
———————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակին (ԶՈԳ)
«ԷՍ. ԷՅ. ԹԻ.»-Ի ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ
«ԷՍ. ԷՅ. ԹԻ.»-Ի, ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԱՆՎՃԱՐ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Դասընթացքները արդէն սկսած են եւ կը շարունակուին մինչեւ Մայիս 2014-ի վերջը:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել 70-998678 թիւին:
———————————————————————————-
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» Մշակութային Մարմին
Հովանաւորութեամբ`
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի
Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի
ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ
«ԱՐԱԲ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՅ ԵՂԵՌՆԻՆ»
Կը ներկայացնէ` ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐՍԻԵԱՆ
Տեղի կ՛ունենայ երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոն, Նաքքաշ:
ՀՐԱՒԷՐ
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ճամբորդական գրասենեակ մը կարիքը ունի օրիորդի մը, որ փորձառութիւն ունենայ ճամբորդական գրասենեակի աշխատանքներէ, նաեւ գիտնայ համակարգչային AMADEUS եւ GALILEO ծրագիրները գործածել, արաբերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պայման է ֆրանսերէնին կամ անգլերէնին տիրապետելը, լաւ պայմաններ: Դիմել` հեռ. 03-430603 կամ 03-672723:
———————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Պուրճ Համուտ, Արմինիա պողոտայի վրայ, նախկին «Լիւքսիա» վաճառատունը: Դիմել` հեռ. 03-160424:
——————————————–————————————-
ԱՇԽԱՏՈՂ ՄԱՅՐԵՐՈՒ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Կը ստանձնենք ձեր զաւակներուն ամբողջական հոգատարութիւնը, խնամքը եւ սնունդը, նորածինէն մինչեւ 4 տարեկան: (Ամբողջ օրուան կամ կէս օրուան ժամանակացոյցով):
Ապահով, հանգստաւէտ եւ մտերմիկ միջավայր, մասնագիտացած անձնակազմ:
Դիմել` հեռաձայնելով 70-424979 եւ 71-233991 թիւերուն:
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հայկական հաստատութիւն մը կարիքը ունի գործադիր քարտուղարի կամ քարտուղարուհիի մը, որ հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի տիրապետէ, ինչպէս նաեւ համակարգիչ գործածել գիտնալը` անհրաժեշտ: Դիմել` հեռ. 03-308371:
———————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ (Մարաշ)
50 եւ 55 քառ. մեթր
Հեռաձայն` 03/327735
——————————————–————————————-
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Միհրան Շիմշիրեանի մահուան քառասունքին առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ստանձնէ ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի միօրեայ ճաշի ծախսը:
Գէորգ Խաչերեանի մահուան յիշատակին Ովսաննա Խաչերեան կը ստանձնէ ԼՕԽ-ի «Վ. Տեկիրմենճեան» խոհանոցի միօրեայ ճաշի ծախսը:
——————————————–————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
11 ՅՈՒԼԻՍ, 2014
ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ
ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
18 ԱՊՐԻԼ, 2014
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
2 ՄԱՅԻՍ, 2014
———————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՄԱՀԱԵՄ-ՔՋ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
ՔՋԱԿ
ՇԱԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ
– ԺԱՄԸ 5:00-ԻՆ ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ՆՈՒԻՐՈՒՄ
– ԺԱՄԸ 7:00-ԻՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
———————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ, 2014
ԾԱՆՕԹ.- ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ:
———————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 15 ՄԱՅԻՍ 2014
——————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
24 ՄԱՅԻՍ, 2014

