Քեսապի Համար Ժողովրդային Հաւաք Նիկոսիոյ Մէջ
Նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ ՀՅԴ, ՍԴՀԿ եւ ՌԱԿ տեղական մարմիններուն, չորեքշաբթի, 9 ապրիլին Նիկոսիոյ «Նարեկ» վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քեսապի մասին զեկուցական հաւաք մը, որուն ներկայ գտնուեցան հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, հոգեւոր հայրեր, ազգային, կրթական ու հասարակական կառոյցներու պատասխանատուներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արթօ Դաւիթեան, որ հակիրճ կերպով ներկայացնելէ ետք Քեսապի կացութիւնը, բացատրեց հաւաքին նպատակը ու յայտագրին մանրամասնութիւնները: Ան թուեց նաեւ Քեսապի կապակցութեամբ կիպրահայ գաղութէն ներս պետական ներկայացուցիչին, Ազգային Երեսփոխանական ժողովին եւ երեք կուսակցութիւններու տեղական մարմիններուն կատարած աշխատանքները:
Աւետիս Փոշօղլեան ներկայացուց Քեսապի համառօտ պատմութիւնը` ընդգծելով, թէ Քեսապը պատմական Կիլիկիոյ վերջին անկիւնն էր, որ հայաթափուեցաւ Թուրքիոյ հետապնդած նենգ ծրագիրներուն հետապնդումով: Ան ներկայացուց Քեսապի գաւառակի գիւղերը, եկեղեցիները եւ կառոյցները եւ բոլոր այն վնասները, որոնք կրեց սուրիահայութիւնը ընդհանրապէս:
Ապա Յակոբ Մանուկեան խօսեցաւ սուրիական տագնապի ներկայ փուլին մասին` ներկայացնելով բոլոր այն փաստերը, որոնք կը վկայեն արեւմտեան ուժերուն կողմէ արաբական աշխարհն ու յատկապէս Սուրիան ոչնչացնելու մեծ ծրագրի մը առկայութիւնը: Բանախօսը կարճ վերլուծում մը ըրաւ նաեւ տարածաշրջանային հարցերուն մասին` եզրակացնելով, թէ Թուրքիոյ` դրացիներու հետ «զերօ խնդիրներ»-ու քաղաքականութիւնը ներկայիս վերածուած է «զերօ դրացիներ»-ու քաղաքականութեան:
Ներկայացուեցաւ Քեսապի տագնապին շուրջ լրատուական միջոցներէն քաղուած տեսերիզներու փունջ մը, որ յստակ կերպով կը ցուցադրէր գործողութիւններուն ընթացքն ու գաղթականութեան վիճակը:
Վերջին խօսողն էր Ասատուր Տեւլեթեանը, որ սկսելով Ցեղասպանութենէն` անդրադարձաւ սուրիահայ գաղութին կազմութեան ու դերակատարութեան` որպէս նորակազմ սփիւռքի հիմնասիւնը: Ան համոզիչ կերպով ընդգծեց, թէ հայ ժողովուրդը ի գին ամէն զոհողութեան պէտք է անպայման զօրաշարժի ենթարկուի ու պահէ սուրիահայ գաղութը, որովհետեւ առանց հայրենամերձ ու համախմբուած այդ գաղութին` կը վտանգուի ամբողջ հայկական սփիւռքը:
Երեկոն փակուեցաւ Մաշտոց քահանայի հակիրճ խօսքով ու «Պահպանիչ»-ով:

