Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Երախտագիտական Կալա-Ընթրիք
Ուրբաթ, 28 մարտ 2014-ի երեկոյեան, «Լը Ռուայալ» պանդոկի «Ազուրիա» սրահին մէջ կայացաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի Երախտագիտական կալա-ընթրիքը, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի:
Ընթրիքին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը, նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետը, Ազգային իշխանութեանց մարմիններու ներկայացուցիչեր, քոլեճի խնամակալութիւնը, ինչպէս նաեւ` տիկնանց յանձնախումբի, ուսուցչական կազմի ու պաշտօնէութեան անդամներ, շրջանաւարտներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Առաջնորդ սրբազանի սեղանօրհնէքէն ետք, քոլեճի հայոց լեզուի ուսուցչուհի եւ համադրող Թալին Օրտողլեան ողջունեց ներկաները` գոհունակութիւն յայտնելով, որ չորրորդ տարին ըլլալով քոլեճին մօտիկ բարեկամներ կ՛ընդառաջեն խնամակալութեան հրաւէրին եւ ներկայ կ՛ըլլան անոր կազմակերպած ընթրիքի երեկոներուն, որոնք արդէն իսկ աւանդութիւն դարձած են:
Ան նշեց, թէ նախորդ երեք տարիներուն խնամակալութիւնը զանոնք հրաւիրած էր օժանդակութեան ձեռք երկարելու վարժարանին` զօրակցելու համար անոր բարեզարդման եւ արդիականացման ծրագիրներուն, իսկ վերջին երեկոյին բնոյթն ու նպատակը երախտագիտութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնել է: Թ. Օրտողլեան իր խօսքը եզրափակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց զօրակցութեան համար, շեշտելով, թէ երեկոյին իրենց ներկայութիւնը կը հաստատէ, թէ քոլեճը ունեցած է, ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ իրեն նիւթապէս եւ բարոյապէս թեւ ու թիկունք կանգնող բարերարներ եւ բարեկամներ:
Քոլեճի աւարտական կարգէն Լարա Գանթարճեան եւ Ցոլին Գարճիքեան ներկայացուցին հայկական նազպար մը, որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Զոհրապ Ղազարեան: Ան ողջունելէ ետք ներկաները, հաստատեց, որ քոլեճը միշտ իր շուրջ գտաւ իր բարեկամները, որոնք վստահեցան քոլեճի առաքելութեան, հաւատացին ծրագիրներուն եւ յոյս ներշնչեցին` խթանելով, որ փոխադարձաբար տրուի լաւագոյնը եւ քայլ պահուի ժամանակի արհեստագիտութեան հետ: Ան աւելցուց. «Արհեստագիտութիւնը նպատակ չէ՛, այլ միջոց է օգնելու ուսուցիչին ` լաւապէս բացատրելու, եւ աշակերտին` լաւապէս հասկնալու նիւթը: Արհեստագիտութիւնը չէ՛, որ պիտի դաստիարակէ մեր աշակերտները, ուսուցիչը անփոխարինելի է, մանաւանդ` հայ ուսուցիչը, որուն ուսերուն դրուած է մարդակերտումի եւ հայակերտումի ծանր պարտականութիւնը»:
Ապա տնօրէնը ներկաները իրազեկ դարձուց քոլեճին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն` տեղեկացնելով, թէ դպրոցի բոլոր դասարանները նորոգուած են եւ օժտուած` նոր կահոյքով, նախակրթարանի բոլոր դասարաններուն մէջ տեղադրուած են սմարթ պորտեր ու համակարգիչներ` կապուած համացանցին. կահաւորուած է արուեստի սենեակը, ուր աշակերտները կ՛անցընեն իրենց գծագրութեան դասապահերը, եւ ամբողջութեամբ նորոգուած է պասքեթպոլի դաշտը:
Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնութեան կողքին գտնուող բոլոր կազմերուն, ինչպէս նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն` Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին,առաջնորդ հօր ու պատկան մարմիններուն: Խօսքը եզրափակելով քոլեճի «Հաւատք, կամք, նուիրում» նշանաբանով` տնօրէնը ըսաւ. «Հաւատալով այս գործին, բոլորս մէկ կամք դարձած` նուիրումով կը լծուինք հայ նորահաս սերունդի դաստիարակութեան»:
Ապա ներկաները դիտեցին այս առիթով պատրաստուած տեսերիզ մը, որ ցոյց կու տար քոլեճին մէջ կատարուած բարեկարգումները եւ այդ մասին` տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ աշակերտներուն կարծիքը:
Խօսք առաւ նաեւ քոլեճի շրջանաւարտ եւ խնամակալութեան ատենապետ Յովիկ Կէօզիւպէօիւքեան, որ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ բարեկամներու աջակցութեամբ կարելի եղաւ ամբողջացնել քոլեճի` առաջին ընթրիքին ներկայացուած շինարարական ու բարգաւաճման ծրագիրը: Ան նաեւ նշեց, թէ քոլէճի կրթական մակարդակն ու արդիւնքները եւս բարձր են` մեծ գոհունակութիւն պատճառելով ծնողներուն ու եզրափակեց` ըսելով. «Այսօր ձեզ հրաւիրած ենք մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու ձեր օժանդակութեան ու ներդրումին համար` իբրեւ բարերարներ ու բարեկամներ այս դպրոցին: Ձեր ներդրումին արդիւնքը աշակերտին ժպիտն է, հայաշունչ ու արդիական դաստիարակութիւն ստացող աշակերտն է, արդիական դպրոցն է, հայապահպանումն է, ու մենք շնորհակալ ենք անոր համար»:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ երեկոն նկատեց առիթ մը` պատուելու հայ դպրոցը, որ կը յաջողի ինքզինք վերանորոգել ու աւելի պայծառ ու գեղեցիկ դաստիարակութեան պայմաններ ընձեռել:
Ան երախտագիտութեամբ յիշեց քոլեճի հիմնադիր Մանուկեան ընտանիքը, ինչպէս նաեւ քոլէճին կողքին կանգնած հայորդիները, որոնք իրենց արդար վաստակէն ու լումայէն տրամադրած են` ի նպաստ քոլեճի բարգաւաճման: Ան փառք ու պատիւ ընծայեց տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, յարակից կազմակերպութիւններուն ու իրենց զաւակները հայ վարժարանին վստահած ծնողներուն:
Իր խօսքի աւարտին առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորեց Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի մեծ ընտանիքը` ըսելով. «Կը մաղթեմ, որ յառաջատեսիլ ընթացքով, սպասումներու յանձնառութեամբ շարունակէք բարելաւել, որպէսզի մեր զաւակները իրենց ուսման համար ըլլան եւ ապրին այնպիսի միջավայրի մը մէջ, որ մերն է, հարազատ է տաքուկ է եւ միաժամանակ արդիական է եւ ապագայի նկատմամբ վստահութիւն կը ներշնչէ»:
Երեկոյի ներկաները ստացան իրենց անունները եւ «Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի բարեկամ» խօսքը կրող յուշանուէրներ, իսկ գեղարուեստական բաժնին իր մասնակցութիւնը բերաւ սաքսոֆոնահար Գառնիկ Սիմոնեան:

