Համախարբերդցիական Միութեան «Դէպի Ակունք» Պատանիներու Գեղարուեստական Հանդէս

Kharpert_Tebi-AgounkԿիրակի, 6 ապրիլ 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, ՔԱՀԼ-ի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համախարբերդցիական միութեան «Դէպի ակունք» պատանիներու գեղարուեստական հանդէսը, որուն բացումը կատարեց միութեան վարչութեան ատենապետ Ռուբէն Մանկասարեան, որ իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց. «Ճամբայ բանանք, որ պատանի-երիտասարդները արտայայտուին եւ իրենց տաղանդները յայտնեն գոյներով, նուագով, ասմունքով եւ զուարճախօսութեամբ, թող հայրենի հարազատ շունչը թարմանայ մեր զաւակներուն մտքին եւ սրտին մէջ»:

Հանդիսութեան մասնակցած էին 25 պատանիներ: Բացման խօսքէն ետք յայտագիրը սկսաւ մանուկներու բաժինով, որուն ընթացքին Սարին Ադամեան, Քրիսթել Պորոյեան եւ Մարինէ Փամպուքեան իրենց մասնակցութիւնը բերին երգով եւ արտասանութեամբ: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան` ասմունք` Դալար Պորոյեան, Ռուբէն Զարդարեանի «Ծաղիկներու հոգին», նուագ`  կիթառ «Սոնաթին» Քարրերա,  կատարողութեամբ Յակոբ Փամպուքեանի, զուարճախօսութիւն Խարբերդի բարբառով` Յովհաննէս եւ Թամար Կէտիկեաններ, զուգանուագ` խարբերդցի քնարերգակ բանաստեղծ եւ երաժիշտ Գարեգին Պէշկէօթիւրեանի «Սրինգ»-ը, կատարողութեամբ Նարեկ եւ Արմիկ Հեքիմեաններու, ընթերցում Համաստեղէն «Չոպան լերան հեքիաթը»` Կապրիէլ Ադամեան, կրկին զուարճախօսութիւն` Խարբերդի բարբառով ժողովրդական առածներ եւ ասացուածքներ, երդումներ, օրհնէքներ, ժողովրդական զրոյցներ, անէծքներ, ժողովրդական բանահիւսութենէն հատուածներ եւ այլն: Շարունակուեցաւ գեղարուեստական յայտագիրը կրկին զուգանուագով, սրինգ եւ քլարինեթ, «Երեւան-Էրեբունի», կատարողութեամբ Նարեկ եւ Արմիկ Հեքիմեաններու, ասմունք` Միսաք Մեծարենցի «Հիւղը», Աննա Պարսումեան, Թատրոն` Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի «Հայ ենք մենք» թատրոնի Խարբերդի բաժինը, կատարողութեամբ վարժարանի աշակերտներուն` Սթեֆանի Փափազեան, Ալինա Քահվեճեան, Յովսէփ Տեմիրճեան եւ Ճեսի Գույումճեան:

Dohmig-darazԱպա ասմունք` «Դերենիկ»-ը, Արամ Ադամեան, նուագ ջութակով` Նարեկ Նաճարեան, «Սոնաթ թիւ 1», Պախ, նուագ դաշնամուրով` «Էլեկիա», Առնօ Բաբաջանեան, Նանոր Նաճարեան, եզրափակում` Ռուբէն Մանկասարեանի խօսքով, որուն միջոցին հանդէս եկան երկու պատանիներ Խարբերդի տոհմիկ տարազներով: Ռ. Մանկասարեան իր խօսքին մէջ յայտնեց իր եւ ներկաներուն անհուն բերկրանքը այս ուրախալի ձեռնարկին առիթով, ապա բոլոր մասնակից պատանիները ստացան Համաստեղի «Գիւղը» կամ «Անձրեւ» գիրքը եւ բաժակներ, որոնց վրայ Խարբերդի հայկական տարազներով երիտասարդ զոյգ մը գծագրուած է: Ձեռնարկին հետեւող ուսուցիչ-ուսուցչուհիները` Սոնա Կէտիկեան, Սեւան Յովակիմեան, Մարգրիտ Ազատեան եւ Զաւէն Ստեփանեան ստացան խարբերդցի հեղինակներէ` Վահան Թոթովենց, Ռուբէն Զարդարեան, Միսաք Մեծարենց, Երուխան, ամբողջական երկեր եւ գարնանային ծաղիկներու թաղար մը: Յիշենք, որ հանդիսութեան նախորդ օրը գծելու ձիրքով օժտուած ութ պատանիներ` Նենսի Նալպանտեան, Սարին Հալաճեան, Սարգիս Կէօքկէօզեան, Քրիսթինա Աբրահամեան, Արաքսիա Կիւրղիքեան, Յովհաննէս Կէտիկեան, Գէորգ Պարսումեան եւ Էլի Գրիգորեան հաւաքուեցան հանդիսավայրին մէջ եւ իրենց աշխատած գծագրութիւններէն բացի, Ռուբէն Մանկասարեանի ցուցմունքներով, տեղւոյն վրայ պատրաստեցին գծագրութիւններ, որոնցմով զարդարուեցաւ սրահը: Այս մասնակցողներն ալ միութեան կողմէ ստացան պատմական Հայաստանի չորս գաւառներու յատուկ պարերու խտասալիկ մը եւ բաժակ:

TamzaraՀանդիսութեան աւարտին շրջափակին մէջ ներկաները հիւրասիրուեցան Խարբերդի տոհմիկ պահքի ծաղով, որ պատրաստած էին խումբ մը հայրենակից տիկիններ, որմէ ետք խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ  Գէորգ Պայրագտարեան եւ Գոհար Տեմիրճեան մասնակցողներուն եւ ներկաներուն սորվեցուցին «Թամզարա»` Խարբերդի տոհմիկ  պարին հիմնական ոտքի շարժումները: Վարձքը կատար բոլոր աշխատողներուն, մասնակցողներուն, անոնց ծնողներուն եւ ուսուցչակազմին: «ԴԷՊԻ ԱԿՈՒՆՔ» պատանիներու գեղարուեստական հանդէսով

Համախարբերդցիական միութեան վարչութիւնը փափաքեցաւ նշել դէպի Եղեռնի 100-րդ տարելից իր յանձնառութեան առաջին հանգրուանը` նոր սերունդը իր արմատներուն հետ ամրապնդելու տեսլականով:

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES