Ապրիլ… Կեանքի Պատուհանին Բացուած Ցուցահանդէս Մը
Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, երբ կը պատրաստուինք տպաւորել հանրութիւնն ու հասարակութիւնը` ոգեկոչելով թէ պահանջելով, ահա՛ եզակի առիթ մը, որ կու գայ բացայայտօրէն թարգմանելու մեր բոլորին ջերմ զգացումները` ըսելու համար. «Կանք ու պիտի լինենք»:
Երեքշաբթի, 8 ապրիլ 2014-ին ՀԲԸՄ-ի կողմէ կազմակերպուած ցուցահանդէսը կ՛արտացոլացնէ ապրելու կամք, նաեւ` բարեսիրական նպատակ եւ մարդասիրական առաքելութիւն:
Մովսէս եւ Էլօ Հերկելեան ամոլը քաջալերելով Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան Լիբանանի մշակութային յանձնախումբի միութենանուէր ու ազգանուէր աշխատանքը` անոնց տրամադրած են (երկրորդ անգամ ըլլալով) հայկական կերպարուեստի բացառիկ ու ընտիր գործեր, որպէսզի կազմակերպեն ցուցահանդէս եւ ցուցահանդէսի ընդմէջէն այդ պաստառներուն եկամուտը տրամադրեն ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու կարօտեալ սաներու ֆոնտին: Ահաւասիկ ազնիւ ու իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մը:
Ցուցադրուած պաստառներուն մէջ հայրենի տաղանդաշատ գեղանկարիչներ` Տաւիտ, Էդիկ Բերդեան, Ռուբէն Աբովեան, Սուրէն Ոսկանեան, Վահան Ռումելեան, Վահրամ եւ Եուրոզ, արդէն հանրայայտ անուններ ըլլալով, անծանօթ չեն լիբանանահայ արուեստասէր ընտրանիին: Ուստի, արդէն գոյութիւն ունեցած ըլլալով հին մտերմութիւն վարպետ գեղանկարիչներու եւ այցելուներու միջեւ` անոնք իրենց բացառիկ գործերով անկասկած որ գեղեցիկ արուեստի բարձրորակ ու ճաշակաւոր «համոյթ» մը հրամցուցած եղան այդ երեկոյ, ուր իւրաքանչիւր ակնդիր բարձր գնահատեց թէ՛ արուեստագէտները, թէ՛ ցուցահանդէսը, թէ՛ կազմակերպիչները եւ թէ՛ Հերկելեան ամոլին ազնիւ ու անմոռանալի քայլը:
Ցուցահանդէսի նախաձեռնութեան ու նպատակին մասին խօսեցաւ, մշակութային յանձնախումբին կողմէ, Անիթա Լիպիարի որ երախտագիտութիւն յայտնեց Հերկելեան ամոլին:
Ի տես ցուցահանդէսին արձանագրած յաջողութեան` ան շնորհաւորեց մշակութային յանձնախումբը, եւ մասնաւորաբար` ատենապետ Սեդա Տեմիրճեանը, գնահատելով անոր անխոնջ ջանքն ու ճիգը:
Էլօ Հերկելեանի խօսքին մէջ կար գնահատանք` բարիին, գեղեցիկին, արժանիին եւ ազնուագոյնին, որ կը ծառայէ հայ հասարակութեան ու գաղութին, որոնց կարգին է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը եւ անոր հովանիին տակ գործող եւ հայ վարժարանին նեցուկ կանգնող Մշակութային յանձնախումբը:
Պէտք է ըսել, որ ցուցահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած աւելի քան երեք տասնեակ գործերը ունէին բարձր ճաշակ, բարձր որակ ու արուեստի իսկական արժէք:
Կասկածէ վեր է նաեւ այն, որ գեղանկարչութիւն կամ երաժշտութիւն, յաճախ չունենալով հանդերձ լեզու, անոնք օղակներ են շաղկապելու համար ներկան ու անցեալը եւ անոնց առջեւ բանալու համար գալիքի հեռաւոր ճանապարհը: Մենք ցուցահանդէսին դրուած արուեստի գործերուն ընդմէջէն տեսանք այդ ուղիին գեղեցկութիւնը եւ հրապոյրը, առաւել` դէպի յաւերժութիւն մագլցող ճանապարհը:
Կազմակերպուած ցուցահանդէսը վստահաբար պատահականութիւն չէր, որ զուգադիպած էր ապրիլին, ուր յուշի, յարգանքի, լինելութեան ու պահանջատիրութեան երեւոյթներուն առընթեր, բացայատօրէն նշմարելի էր, որ մեր գեղանկարիչները զէնքի փոխարէն` օգտագործած էին վրձին, ռումբի դիմաց` երանգապնակ, իսկ պատերազմի դէմ` անհուն սիրոյ քնար, աւետելով խաղաղութիւն եւ ղօղանջելով մարդկայնութիւն…
Գնահատելի է ՀԲԸ Միութեան մշակութային Յանձնախումբը, ապրիլեան ոգեկոչման այս օրերուն իր կազմակերպած եւ կամք, շարունակականութիւն արտայայտող ցուցահանդէսին համար, որ եղաւ յաջող, բացառիկ եւ արժանացաւ գնահատանքի:
Իսկ գնահատելի են «Նոա՛զ արք»-ին սեփականատէր տէր եւ տիկին Մովսէս եւ Էլօ Հերկելեանները, իրենց առաքինի արարքին ու ազգանուէր քայլին համար:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

