Սուրիական Օրագրութիւն 47

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Հէրի՛կ, վե՛ր էլի, հէրի՛կ վե՛ր էլի,
Քո անուշ հոտուն փափաք մնացի,
 Քո անուշ խօսքերուն կարօտ մնացի,
 Էնքան մենակ աշխարք գնացի…

«Սասունցի Դաւիթ»

Վաղուց ի վեր Հայաստանը դուրս էր նիւթէս, սակայն բնա՜ւ` սիրտէս. ու ինչպէս Պետրոս Դուրեան, ես ալ կրնայի բացագանչել` «Ի՜նչ, Հայաստա՛ն, քեզ մոռնա՞լ…», բայց բնաւ պիտի չուզէի ըսել շարունակութիւնը: Ինչպէ՞ս մոռնալ Հայաստանը, երբ ան մէջդ է ո՛չ միայն քու կեանքովդ, այլ գերութեան ու որբութեան հարիւրամեակներ քալած նախնիներուդ յոյսերու, յոյզերու, տենչանքներու կիզակէտն է:

Սփիւռքահայու չիրագործուող ու մարող յոյսերու կիզակէտը:

– Այսինչին այնինչը գնաց Հայաստան, հոնկէ վիզա գնեց ու անցաւ Եւրոպա:

– Այո՛, օրական քանի մը ընտանիք կը գաղթէ…

– Այդքան վիզաներու դրուած դրամները եթէ Հայաստանի մէջ գործի ծառայեցուէին…

– Ո՞վ քեզի առիթ կու տայ… այսինքն, եթէ «կնքահայր» ունիս, կը յաջողիս:

– Բարեկամիս քենեկալը Հայաստանէն անցաւ Շուէտ, բայց չընդունեցին, ետ ղրկեցին:

– Կ՛ընդունին, բայց աւելի` իսլամները. հայերը ընդունիլը վերջերս դժուարացուցեր են:

– Ինչո՞ւ:

– Կ՛ըսեն, թէ Հոլանտա գաղթած հայու մը քովը հայաստանեան անձնագիր բռներ են ու մերժեր, ան ալ մատներ է, թէ բոլոր սուրիահայերը այս ձեւով կու գան…

– Տխմարը չէ՞ կրցած տեղ մը պահել:

– Կ՛երեւի թէ մոռցաւ կամ չէր ալ գիտեր:

Մինչ հայրենակիցներս «Հայոց հարցը» եւ «հայուն անվայել» այդ մատնիչութիւնը կամ անճարակութիւնը կը քննարկէին ու սեփական ձեռքով սեփական գլուխը քերելու ճամբաներ կը խորհէին, ես կրկին լայն պատկերով այս մոլորած ու անղեկ ազգին վիճակը տեսայ: Կը գաղթեն պատերազմական Սուրիայէն, կը գաղթեն խաղաղ Հայաստանէն: Հալէպի համայնքին ղեկավարութիւնը կարելին կ՛ընէ գաղթին առաջքը առնելու, սակայն մարդիկ կը հեռանան, հոս ապագայի հեռանկար չեն տեսներ. գէթ հայրենիքին մէջ մնային… Սուրիահայը ոտքին տակի հողը հոս կորսնցուցած կը կարծէ ըլլալ, իսկ հայրենի հողը, ծանօթ ենք, Փոքր Մհերին «ծանրութեան» չի տոկար:

Բացառութեամբ սակաւ ընտրեալ գաղափարակիր-հաւատացեալներու, մնացեալ ներգաղթողներուն մեծ տոկոսը կրկին կը գաղթէ կա՛մ Եւրոպայի դուռ բացած երկիրներ, կա՛մ… դարձեալ Հալէպ` կրակին… Վերջերս ալ լսեցինք, թէ սուրիահայերը վերադարձնելու համար օդանաւ յատկացուցեր են… ձրի՜, միայն Հալէպի օդակայանին բացուիլը կը սպասեն:

Մարդուս երթալ ու ձրի վերադառնալը կու գայ, ալ ինչպէ՞ս սուրիահայեր չուզեն «կամաւոր» վերադառնալ` թէկուզ ռմբակոծութեան տակ: Սուրիան կը բերէ իր քաղաքացիները, իսկ ի՞նչ կ՛ընէ հայրենի կառավարութիւնը: Արդեօք հայրենիքի համապատասխան մարմիններուն մտահոգութիւնը սուրիահայ գաղութը կանգուն պահե՞լն է: Իսկ այս պայմաններու մէջ ան որքանո՞վ կրնայ երաշխաւորել հայութեան ապահով կեցութիւնը հոս այնուհետեւ ալ. թէ՞…կան աւելի բարձր նպատակները մեր դրացիներուն, որոնց կամայ ու ակամայ կը սատարենք… Ո՞ւր է վերջը, ո՞ւր փնտռել պատճառը:

Այս խուճապահար գաղթի ալիքէն ելք փնտռելու (կը համարձակի՜մ, թէկուզ կարծիքս հարցնող չկայ) ճիգիս մէջ կը խորհիմ` արդեօք Հրէաստանի կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կարողացաւ հազարաւոր գաղթականները ապահովել բարեկարգ տուներով ու դեռ կ՛ապահովէ: Հրեայի առասպելացուած դրամական կարողութի՞ւնը միայն դեր կը կատարէ, ձեռներէցութի՞ւնը, թէ՞ հոն կայ ազգային գերագոյն նպատակ ու ծրագիր:

Թերեւս մենք ալ մեծ ազգային ծրագիրներ ունինք. օրինակ`  հայկական նոր աշխարհակալութիւն (հոգիդ խայտայ թող, Տիգրա՛ն), մարդկութեան արիւնը ազնուացնելու վեհ ձգտում եւ այլն…

***

Քեսապ: Մեզմէ ո՞վ այս անուան հետ կապուած յուշեր ու այսօր ալ` ցաւ չունի: Քեսապ, փրցուած թուրքին երախէն, ուր սերունդներ ապրած էին ու դեռ մինչեւ երէկ ալ կ՛ապրէին հարազատ հողին վրայ` անկէ ուժ առնելով ու անոր ուժ տալով:

Որքան ալ որ կ՛ըսուէր, թէ հոն ապահով է ու նոյնիսկ Հալէպէն ընտանիքներ փոխադրուեցան հոն ապաստանելու, սակայն իւրաքանչիւրիս միտքին մէջ էր Քեսապին շուրջ մտահոգութիւնը, անդոհանքը, թէ շրջակայ քրիստոնէական գիւղերը մտած ու եղեռնագործած բորենիները կրնային յանկարծ հոն ալ հասնիլ: Ու հասան: Ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս տկար ձգուեցաւ գիշատիչ ոսոխին հետ սահմանը: Ոմանք կ՛արդարացնեն սահմանային տարածքին անհսկելի մեծութեամբ: Ամէն պարագայի, թրքական եաթաղանը հիմա հոն է, իսկ մեր քաջ լեռնական ժողովուրդը կրկին ապրելէ ետք փախուստի սարսափն ու խուճապը` այսօր ծուարած է Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ մէջ` կրկին գաղթական…, Անոնցմէ ոմանք փախան գիշերազգեստով` չհասցնելով իսկ հագուիլ, ոմանք` պարտէզը` ծառերը դեղելը կէս ձգած, գործի տարազով, ոմանք` կերակուրը դեռ նոր սեղանին դրուած ու դեռ չճաշած, չհասցնելով առնել նոյնիսկ ամենաանհրաժեշտը… գա՛ղթ:

Ու այսօր պարպուած է Քեսապը: Այսօր անոր իւրաքանչիւր լեռ ու ձորի համար կատաղի կռիւներ են, ու հոն ներկայ են քաջարի լեռնական այրերը, դարաւոր ոսոխէն գէթ վրէժի կաթիլ մը առնելու ու չարիքին արմատը կտրելու համար:

– Քեսապը կորսուեցա՜ւ,- կ՛ըսեն ոմանք,- օդանաւերը կը ռմբակոծեն ու նոյնիսկ եթէ թշնամին ետ ալ քշեն, աւերակներ պիտի մնան ետին` տարածք:

Մենք չենք ուզեր այդքան յոռետես ըլլալ. կը յուսանք, որ կռուողներուն  ջանքերն ու մեր բոլորիս ջերմ փափաքները պիտի հասնին երկինք, ու պետական զօրքը պիտի կարենայ ետ առնել մեր չքնաղ Քեսապը, ուր  ծաղկած ու առատ բերք խոստացող պարտէզները իրենց տէրերը կը սպասեն:

Իսկ ի՞նչ կը յուսայ ու կը մտածէ հայրենի կառավարութիւնը …

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )