Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 100–Ամեակի Ծրագիրներ
1.- Հայրապետական Կոնդակ
100-ամեակի սեմին վեհափառ հայրապետը յատուկ կոնդակ մը պիտի հրապարակէ` շեշտելով ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականը, կոչ ուղղելով միջազգային համայնքին արդարութիւն հատուցանելու հայ ժողովուրդին, միաժամանակ թելադրելով մեր թեմերուն, որ բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ նշեն 100-ամեակը:
2.- Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան կեդրոն
Կեդրոնի ծրագիրը վերջին տարիներուն վեհափառ հայրապետին ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան մնայուն քննարկումի առարկան դարձաւ: Այս գծով որոշ ենթահող պատրաստուեցաւ ու կարելիութիւնները լրջօրէն քննարկուեցան: Վայրի իմաստով երկու պատկերացումներ գոյութիւն ունին.- կա՛մ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ յատուկ կեդրոն մը հաստատել, եւ կա՛մ «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ հաստատուելիք Ցեղասպանութեան թանգարանի երկրորդ յարկը յատկացնել սոյն ծրագիրին:
3.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ Յուշամատեաններու հրատարակութիւն
Շուրջ յիսուն ծաւալուն հատորներէ բաղկանալիք շարք մը պիտի ըլլայ յիշեալ շարքը: Ցարդ հրատարակուած են Ատանայի, Հաճընի, Տարօնի, Զէյթունի, Մարաշի, Կիւրինի եւ Այնթապի յուշամատեանները:
4.- Պիքֆայայի յուշարձանի վերանորոգում եւ շրջապատի բարեզարդում
Այս լայնածաւալ ծրագիրը կը ներառէ նահատակաց նուիրուած խորանի շինութիւն, յուշարձանի վերանորոգում, պատերուն վրայ հայոց պատմութիւնն ու ցեղասպանութիւնը ներկայացնող խորհրդանիշերու փորագրում, ներառեալ` ցեղասպանութեան քարտէսը եւ շրջափակի ընդհանուր բարեզարդում: Աշխատանքը շուտով կ՛աւարտի:
5.- Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան քաթալոկի հրատարակութիւն
Քաթալոկին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւէ ցեղասպանութիւնը` մասնաւորաբար կրօնական ու մշակութային սպասներու մասին տրուած տեղեկութիւններու ծիրին մէջ: Հրատարակութիւնը պիտի աւարտի օգոստոս 2014-ին:
6.- Անթիլիասի Նահատակաց մատրան վերանորոգում
Անթիլիասի Նահատակաց մատուռը, հիմնուած` 1938-ին, ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին մատուռը եղած է, ուր զետեղուած են Տէր Զօրէն բերուած նահատակներու աճիւնները: Մատուռը, իր ներքին ու արտաքին տեսքով, հիմնական բարեփոխութեան պիտի ենթարկուի: Աշխատանքները պիտի աւարտին քանի մը ամիսէն:
7.- Ցեղասպանութեան թանգարանի հաստատում
«Թռչնոց բոյն»-ին մէջ հաստատուելիք թանգարանը սփիւռքի մէջ ցեղասպանութեան ու որբերուն նուիրուած առաջին թանգարանը պիտի ըլլայ: Սոյն թանգարանը առաւելաբար պիտի ներառէ որբերու կեանքին առնչուած վկայութիւն, նկարներ ու իրեր: Աշխատանքը ընթացքի մէջ է:
8.- Ցեղասպանութեան միջազգային համագումարի կազմակերպում
Սոյն համագումարը տեղի ունեցաւ 23-25 փետրուար 2012-ին` «Ճանաչումէն հատուցում» նիւթով. մասնակցութեամբ 30 միջազգային ճանաչում ունեցող դատաւորներու ու միջազգային օրէնքի մասնագէտներու:
9.- Եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներու ցանկագրում
Այս աշխատանքը լայն չափով կատարուած է եւ շուտով իր աւարտին պիտի հասնի:
10.- Միւռոնօրհնէք
Ծրագրուած էր միւռոնօրհնէքը կատարել Տէր Զօրի մէջ, բնականաբար երբ երկրին պայմանները նպաստաւոր էին: Որոշուած է միւռոնօրհնէքը կատարել կիրակի, 19 յուլիս 2015-ին, Պիքֆայայի Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
11.- Ուխտագնացութիւն դէպի Անթիլիաս ու Հայաստան
Թեմերուն կողմէ կազմակերպուելիք ուխտագնացութիւնը տեղի պիտի ունենայ 13-27 յուլիս 2015-ին եւ պիտի ներառէ միւռոնօրհնէքը ե 100-ամեակին առնչուած այլ ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Հայաստան, Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա:
12.- Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ ձեռնարկներ
Կը ծրագրուի մշակութային ու երիտասարդական ձեռնարկներ կազմակերպել Պիքֆայայի յուշարձանին շուրջ` նկատի ունենալով հոն ստեղծուելիք լայն կարելիութիւնները:
13.- Յուշագիր` պետութիւններուն, եկեղեցիներուն, այլ կրօններու ղեկավարներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն
Նախընտրաբար` երկու վեհափառ հայրապետներու եւ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքին ու հայ աւետարանական եկեղեցիներու նախագահի միացեալ ստորագրութեամբ:
14.- Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասում
Շատ հաւանաբար սրբադասումը տեղի ունենայ 24 ապրիլ 2015-ին` միաժամանակ Ս. Էջմիածինի ու Անթիլիասի մէջ:
15.- Հոգեւոր պետերու միացեալ կոչ` եկեղեցապատկան կալուածները պահանջող
Սոյն կոչը կատարուեցաւ 24 ապրիլ, 2013-ին:
16.- Միջազգային համագումար Ժընեւի մէջ
Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միացեալ աշխատանքով, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի վերջին համաժողովը (2013) յատուկ բանաձեւով վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման: Ան նաեւ որոշեց այս ծիրին մէջ համագումար մը կազմակերպել Ժընեւի մէջ: Սոյն համագումարը պատրաստութեան ընթացքի մէջ է:
17.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու «Արմենոֆաս»-ի միացեալ ճիգով ձեռնարկներ` Զուիցերիոյ մէջ
Նկատի ունենալով Զուիցերիոյ դերը յատկապէս որբերու հաւաքումին ու օժանդակութեան գծով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու զուիցերիական եկեղեցիներու միացեալ աշխատանքով երկար տարիներէ ի վեր գործող «Արմենոֆաս»-ը կը ծրագրէ յատուկ ձեռնարկներ կազմակերպել Պեռնի եւ Լոզանի մէջ:
18.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանական Ընդհանուր Ժողովին կողմէ յայտարարութիւն
3-4 ապրիլ, 2014-ին վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Միաբանական ընդհանուր ժողովը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ 100-ամեակին եւ այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց:
19.- Առաջնորդ Սրբազաններու եւ 100-ամեակի յանձնախումբերու ատենապետներու համագումար
Սոյն համագումարը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, 9 ապրիլ 2014-ին:
20.- Ազգային ընդհանուր ժողովին յայտարարութիւն
Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման կարեւորութիւնը վեր առնող ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական կեցուածքը շեշտող սոյն յայտարարութիւնը կատարուեցաւ 13 յունիս 2013-ին:
21.- 100-ամեակին նուիրուած Լիբանանեան դրոշմաթուղթ
Սոյն աշխատանքը ընթացքի մէջ է:
22.- Մարդկային իրաւանց և ցեղասպանութեան Միջազգային տարեգիրքի առանձին թիւ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան
Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած «Ճանաչումէն հատուցում» համագումարին ներկայացուած բոլոր դասախօսութիւնները տպուեցան Inter-national Criminal Law Review (N: 14, 2014)-ին մէջ:
23.- Համազգային եւ միջազգային տարողութեամբ մասնակցութիւն թեմերուն եւ գաղութներուն մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն
Վեհափառ հայրապետը հրաւիրուած է մասնակցելու եւ խօսք առնելու մեր գաղութներուն, ինչպէս նաեւ օտար շրջանակներուն մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն:
Անթիլիաս
9 ապրիլ, 2014

