Իրավիճակը Հալէպի Մէջ. Հալէպի Սիւլէյմանիէ Շրջանը Կրկին Թիրախ` Հրասանդի Հրթիռներու Կան Զոհեր Եւ Վիրաւորներ
«Բերիոյ նիուզ» կը հաղորդէ, որ ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 10:00-ի կողմերը, Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէի շրջանը` Թեթթէն վառելանիւթի կայան չհասած, հրասանդի հրթիռ մը ինկաւ շէնքի մը տանիքը:
Հրթիռարձակումը նիւթական ծանր վնասներ պատճառեց շրջանի բնակարաններուն:
Միւս կողմէ, զինուորական ընդհարումները սաստկացած են զանազան ուղղութիւններու վրայ գտնուող Հալէպի շրջակայքը:
Սուրիական բանակը զինուորական ծանր գործողութիւններ կը կատարէ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններու դէմ, յատկապէս գործածելով օդուժի ուղղաթիռներ:
Ընդդիմադիր զինեալներ Ռամուսիէ շրջանը թափանցելու գործողութիւններու դիմած են: Հոն ծանր բախումներ տեղի կ’ունենան, բանակի եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ:
Միւս կողմէ, Հալէպէն Զարմիկ Պօղիկեան կը հաղորդէ, որ զինեալ խմբաւորումներ կը շարունակեն տասնեակներով հրասանդեր եւ արկեր արձակել Հալէպի զանազան շրջաններուն, յատկապէս Նոր Գիւղ շրջանին վրայ` մարդկային եւ նիւթական լուրջ վնասներ հասցնելով բնակչութեան: Արձանագրուած են հայ եւ տեղացի վիրաւորներ, զոհեր: Վիրաւոր հայորդիներու անուններն են. Վրէժ Եագուպեան, Ժաք Տեկիրմենճեան, Յարութ Աբիկեան, Արաքսի Օրուլեան, Յասմիկ Մանուէլ-Թիւթիւնճեան, Կարօ Քարակիւլէեան: Տեղացի զոհերուն կողքին, զոհուած են նաեւ երկու հայորդիներ` Սագօ Աշնալըքեան եւ Լեւոն Գէորգեան:

