Լիպըրման Յառաջիկայ 5 Տարուան Ընթացքին Արաբական Չափաւորական Պետութեանց Հետ Խաղաղութիւն Կը Նախատեսէ

Աւիկտոր Լիպըրման

Աւիկտոր Լիպըրման

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ նախատեսեց, որ Իսրայէլ յառաջիկայ 5 տարուան ընթացքին խաղաղութիւն հաստատէ «արաբական պետութեանց մեծամասնութեան հետ», որոնք «չափաւորական են եւ կը գիտակցին իրենց սպառնացող կողմերուն, որոնք են` Իրանը, Հըզպալլան, Քայիտան եւ ոչ թէ Իսրայէլը»:

Լիպըրման ըսաւ, որ իր կուսակցութեան անդամ նախարարները ազատ պիտի ձգէ քուէարկելու ի նպաստ պաղեստինցի ապահովական մարզի գործիչ բանտարկեալներու ազատ արձակման, որոնց շարքին են Իսրայէլի արաբ քաղաքացիներ, թէեւ ինք անձնապէս դէմ է Իսրայէլի քաղաքացիութիւն ունեցողներու ազատ արձակման:

Լիպըրման նախատեսեց, որ Իսրայէլի համախոհական կառավարութիւնը տոկայ, հակառակ անկէ հեռանալու Հրէական տուն կուսակցութեան սպառնալիքին` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, որ ինք «անգամ մը եւս քուէարկութեան տուփ ուղղուելէն չի վախնար»:

Share this Article
CATEGORIES