Փարիզի Մէջ Ցոյց` «Աջակողմեան» Հոլլանտի Դէմ

Ձախակողմեաններու ցոյցէն պահ մը
Ծայրայեղ ձախակողմեան կուսակցութիւններ եւ աշխատաւորական միութիւններ շաբաթ օր Փարիզի մէջ բողոքի ցոյց կատարեցին նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին կողմէ որդեգրուած տնտեսական սեղմումի քայլերուն դէմ: Վերջինիս ժողովրդականութիւնը նոր անկում մը արձանագրեց:
Տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցած ցոյցին ընթացքին Հոլլանտի կառավարութեան դէմ կարգախօսներ բացագանչեցին եւ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին կարգախօսներ, ինչպէս. «Երբ ձախակողմեան ես, աշխատաւորներուն կը զօրակցիս»:
Ֆրանսական ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ ցոյցին մասնակիցներուն թիւը 25 հազար էր, իսկ Ֆրանսայի համայնավար կուսակցութիւնը նշեց, որ անոնց թիւը 100 հազար է:
Ընկերվարական Հոլլանտ կը ջանայ ֆրանսական տկար տնտեսութեան դէպի անկում ուղղութիւնը շրջել, իսկ ծայրայեղ ձախակողմեան կուսակցութիւնները անոր կոչ ուղղած են հրաժարելու գործարարութեան նպաստող իր բարեփոխումներէն եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ ճշդուած պետական մարզի պիւտճէական բացին հարցով թիրախներէն:
Հոլլանտ այս տարուան սկիզբը յայտարարեց այսպէս կոչուած «պատասխանատուութեան ուխտ»-ը, որուն նպատակը ֆրանսական ընկերութիւններուն շահաւէտութիւնը ամրապնդելն է` շուրջ 30 միլիառ եւրոյով զեղչելով անոնց վճարած տուրքերը:
Ձախակողմեան կուսակցութեան ղեկավար Ժան-Լիւք Մելանշոն «Էռ.Թէ.Էլ.» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց. «Մեր ապրած սեղմումի ժամանակաշրջանին մէջ մեծ գործառնութեան 30 միլիառի նուէրը հրէշային է»:
Բաց եւ այնպէս, քայլարշաւը աւելի փոքր էր, քան անցեալ տարի պահպանողական կուսակցութեանց եւ կրօնական խմբաւորումներուն կողմէ միասեռականներու ամուսնութիւնը արտօնելու Հոլլանտի ջանքերուն դէմ կատարուած ցոյցը:
Ձախակողմեաններու եւ աջակողմեաններու զայրոյթի առարկան դառնալուն, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ շուրջ 10 առ հարիւր համեմատութիւն ունեցող գործազրկութեան պատճառով Հոլլանտի ժողովրդականութիւնը անկում կրած է: Ըստ կիրակի օր «Լը Ժուրնալ տը Տիմանշ» շաբաթաթերթին մէջ հրապարակուած հարցախոյզի մը, նախագահին ժողովրդականութեան ցուցանիշը 18 առ հարիւր է: Ի տարբերութիւն Հոլլանտի, մէկ շաբաթ առաջ վարչապետ նշանակուած Մանուէլ Վալսի ժողովրդականութիւնը 58 առ հարիւր է:
Այսպիսով, Հոլլանտ տասնամեակներէ ի վեր Ֆրանսայի նուազագոյն ժողովրդականութիւնը վայելող նախագահն է:
Մանուէլ Վալս Ընկերվարական կուսակցութեան աջակողմեան թեւի ներկայացուցիչ է եւ յաճախ կը նմանցուի Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Թոնի Պլերի:

