Ասատ. «Սուրիոյ Տագնապը Ի Նպաստ Մեզի Շրջադարձ Կը Կատարէ»
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց. «Սուրիոյ տագնապը ի նպաստ մեզի շրջադարձ կը կատարէ»: Ան ըսաւ, որ «պետութիւնը կը ջանայ ահաբեկիչներուն հարուածած գլխաւոր շրջաններուն մէջ վերականգնել ապահովութիւնն ու կայունութիւնը»` աւելցնելով. «Սուրիոյ տագնապին մէջ զինուորական գետնի վրայ եւ բանակին ու զինեալ ուժերուն ահաբեկչութեան դէմ պատերազմին առումով շրջադարձի հանգրուան մը գոյութիւն ունի»:
Ասատ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուածը փորձ մըն է անոր ազատ կամքին տիրելու եւ փոխելու անոր քաղաքականութիւնը, որ շրջանին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքին վարած քաղաքականութեան համահունչ չէ, «ինչ որ կը բացատրէ ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցութեան մէջ իսրայէլեան ազդակին երեւումը»:
CATEGORIES Միջազգային

