Լիբանանի Արեւելեան Ու Արեւմտեան Եկեղեցիները Տօնեցին Ծաղկազարդը
Լիբանան իր արեւելեան թէ արեւմտեան եկեղեցիներով երէկ տօնեց Ծաղկազարդը` պահ մը մանուկներու անմեղ ժպիտներուն ընդմէջէն մաղթելով խաղաղ ու բարգաւաճ Լիբանանի ծաղկումը:
Լիբանանեան զանազան շրջաններու եկեղեցիներուն մէջ տօնուեցաւ Ծաղկազարդը` յատուկ արարողութիւններով, ուր հոգեւոր հայրերը մաղթեցին, որ հարցերը լուծուին սիրով ու խաղաղութեամբ` յանգելու համար բարւօք լուծումներու:
Իսկ Սուրի Մարժեհիուն շրջանի յոյն ուղղափառ առաջնորդ Էլիաս Քֆուրի եպիսկոպոսը իր քարոզին մէջ կոչ ուղղեց պատկան կողմերուն ազատ արձակելու աւելի քան տարիէ մը ի վեր Հալէպի մէջ առեւանգուած Եազիժի եւ Իպրահիմ եպիսկոպոսները:
CATEGORIES Լիբանանեան

