Հաստատելով, Որ Ռիֆաաթ Իտ Քալիֆորնիա Կը Գտնուի. «Բրտութեան Նոր Ալիք Պիտի Չբարձրանայ Թրիփոլիի Մէջ» Ընդգծեց Աշրաֆ Ռիֆի

1397399514_Շարունակելով իր տան մէջ Թրիփոլիի հակադիր ընտանիքներու հաշտեցման ճիգերը` արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի երէկ շեշտեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները գոհ են ապահովութեան ծրագիրի գործադրութենէն եւ` ընդգծեց, որ բախումները պիտի չվերսկսին այս շրջանին մէջ:

Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան պետ Ռիֆաաթ Ալի Իտի մասին հարցապնդուելով, Ռիֆի հաստատեց, որ Իտ Լիբանանէն մեկնած է եւ այժմ կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Օրէյնճ քաունթրի շրջանը:

Միւս կողմէ, ապահովութեան ծրագիրի գործադրութիւնը շարունակուեցաւ երէկ եւս եւ այս ծիրին մէջ բանակը յայտնաբերեց գողցուած ինքնաշարժներու թաքստոց մը:

Նմանապէս ձերբակալուեցաւ աւելի քան 200 ձերբակալման հրամանագիրներով հետապնդուող Ալի Շաար կոչուած փախստականը: Իսկ Շարաունէի մէջ (Աքքարի շրջան) Ահմետ Աթրաշ (ծանօթ` Նիսր Արսալ անունով), որ ականուած ինքնաշարժներ կը պատրաստ էր, իր կարգին ձերբակալուեցաւ:

Նշենք, որ նշեալ Շարաունէ գիւղը կը վայելէ թրքական իշխանութեանց յատուկ հոգածութիւնը: Երկար ատենէ ի վեր մօտէն հետաքրքրուելով Օսմանեան շրջանէն մնացած գրեթէ թրքացած արաբներով ու լիբանանցիներով բնակուող այս գիւղի կացութեամբ, թրքական իշխանութիւնները դպրոց կառուցած են հոն:

Ձերբակալութիւններու ծիրին մէջ դարձեալ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար եւ Ժապալ Մըհսենի թաղապետ Ապտել Լաթիֆ Սալետ կարճ ատենով արգելափակուեցաւ, ապա ազատ արձակուեցաւ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES