Մէկ Ընտանիքէ Երեք Զաւակներու Կորուստի Գոյժին Ցաւակցելով. Նախագահ Միշել Սլէյման Պահանջեց Հետապնդել Արկածներու Անուշադիր Պատասխանատուները
Նախագահ Միշել Սլէյման երէկ մօտէն հետեւեցաւ երկրին ընդհանուր իրավիճակին ու հրատապ հարցերու զարգացումներուն: «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ տեղադրուած գրառումի մը մէջ նախագահ Սլէյման խոր ցաւ յայտնեց Աքքարի Հալպա գիւղէն ընտանիքի մը երեք մանուկներուն մահուան առիթով: Երեք ամսուան եւ չորս տարեկանի միջեւ եղող Համուտ ընտանիքի մանուկները զոհ գացած էին ելեկտրական թելերու կարճ միացումին, երբ անոնց մայրը դուռը գոցելով մօտակայ խանութ մը գացած էր` տարրական պէտքերու գնումի համար: Նախագահ Սլէյման պահանջեց հետապնդել այս դէպքին պատասխանատուները, յատկապէս եթէ անիկա հետեւանք է անուշադրութեան:
Նախագահ Սլէյման նաեւ պահանջեց հետապնդել լրագրող Ալի Ամինի Շաքրայի բնակարանը ներխուժած ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծել փորձած օրինազանցները եւ պատժական համապատասխան տնօրինում կատարել անոնց նկատմամբ:

