Աչքերը Սեւեռած Խորհրդարանի Վաղուան Նիստին. Կրթական-Ընկերային Մարզեր Սպառնացին Բողոքի Ցոյցերու Դիմել Վաղը Խորհրդարանին Առջեւ

Մինչ խորհրդարանը վաղը կը գումարէ իր նիստը, ուր կ՛ակնկալուի, որ երեսփոխանները վճռեն պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելման հարցը, կրթական ու ընկերային մարզերու ներկայացուցիչներ կոչ ուղղեցին այս հարցը վճռելու` նկատի ունենալով կողմերու արդար իրաւունքները: Այլապէս, անոնք սպառնացին դասադուլի եւ գործադուլի դիմել վաղը` երեքշաբթի, ժողովի գումարման պահուն:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղեց ընդհանուր դասադուլ եւ գործադուլ յայտարարելու պետական թէ սեփական վարժարաններուն եւ պետական վարչամեքենայի բաժանմունքներուն մէջ: Բողոքի ցոյցերը պիտի սկսին վաղը առաւօտուն, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին` հասնելով Ռիատի Սոլհ հրապարակ` խորհրդարանին առջեւ համախմբուելու եւ բողոքելու համար: Առ այդ, խորհուրդը իր նիստերը բաց թողուց` հետեւելու համար այս հարցի զարգացումներուն:

Սեփական վարժարաններու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ պատասխանատուներէն պահանջեց տէր կանգնիլ իրենց պատասխանատուութեան եւ ընդառաջելու իրենց պահանջներուն:

Իրենց կարգին, կաթողիկէ վարժարաններու ծնողական խորհուրդները, զգուշացնելով կրթաթոշակներուն վրայ որեւէ հաւանական յաւելումէ, կոչ ուղղեցին համախմբուելու վաղը կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին առջեւ բողոքելու համար:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի վաղուան նիստին ու յատկապէս անոր վճռելիք որոշումին անդրադարձան նաեւ կրօնական ու քաղաքական պատասխանատուներ` բարւօք լուծում մաղթելով այս հարցին:

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը Ծաղկազարդի իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ պետութիւնը պարտաւոր է հոգալու աշխատավարձերու յաւելման անհրաժեշտ գումարի հայթայթումը, այնպէս մը, որ անիկա հաւասարակշռէ հաշիւները` միաժամանակ պահպանելով եւ հատուցելով բոլորին իրաւունքները: Ան ճշդեց երեք կէտ` ժողովուրդին իրաւունքները, եկամուտի կարելիութիւնները եւ բարեկարգումները:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ սպառնաց մերժել վաւերացնել յաւելումի որոշումը, եթէ անոր չընկերանան ընկերային համապատասխան բարեկարգումներ: Այս գծով իր կուսակցութիւնը այսօր նիստ մը պիտի գումարէ` վճռելու համար իր կեցուածքը:

Կաթողիկէ միաբանութեանց մեծաւորները երէկ արտակարգ նիստ մը գումարեցին` քննարկելու համար նշեալ յաւելումի որոշումի ստորագրութեան հետեւանքները` կրթաթոշակներու գումարներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES