Ոչ Իշխանական Չորս Կուսակցութիւնները Տնտեսական Համաժողով Կը Կազմակերպեն Ծաղկաձորի Մէջ

Արծուիկ Մինասեան
Շաբաթ, 12 ապրիիլն, Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային ժողովի ոչ իշխանական ուժերու` ՀՅԴ-ի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան «Տնտեսական նոր քաղաքականութիւն» խորագիրով միացեալ համաժողովը:
Համաժողովին ներկայ էին նաեւ քաղաքական այլ գործիչներ, հեղինակաւոր տնտեսագէտներ եւ իրաւաբաններ` Հայաստանէն ու արտերկրէն, հասարակական կազմակեպրութիւններէն ներկայացուցիչներ:
Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան իր ելոյթին մէջ նշեց, որ ընդդիմութեան նպատակն է Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը ապահովել այն հէնքի վրայ, որպէսզի բոլորը կարենան իրենց տեղին, դիրքին եւ ունակութիւններուն համապատասխան վարձատրութեան համակարգով եւ ստացուող եկամուտով բաւարարուիլ:
«Փորձ կատարուեցաւ բոլոր քաղաքական ուժերու ծրագրային դրոյթները ներառել այս ծրագիրին մէջ` ձեւաւորելու համար մէկ ամբողջութիւն: Անշուշտ կան կուսակցութիւններուն միջեւ գաղափարական տարբերութիւններ. մենք փորձեցինք այս ծրագիրը կառուցել ոչ թէ տարբերութիւններու հիմքի վրայ, այլ միասնական մօտեցումներու սկզբունքին համապատասխան», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան:
«Պետութեան պարտաւորութիւնն է ազատ ձգել բոլոր տեղերը, ուր որ մարդը կրնայ ստեղծել, սահմանափակել բոլոր այն ձեւաչափերը, ուր որ առկայ են չարաշահումներ», ըսաւ Մինասեան:
Արծուիկ Մինասեան այս ծրագիրի իրականացման գործին մէջ կարեւոր նկատեց սփիւռքի դերակատարութիւնը` նշելով, որ սփիւռքը իր ամբողջ ներուժով պէտք է մասնակցի, իսկ անհրաժեշտ է, որ պետութիւնը 10 տարիով սփիւռքը ազատ կացուցէ բոլոր տեսակի հարկերէն: Նշեալ տնտեսական ծրագիրը աշխատելու ցանկութիւն ունեցող բոլորին կրնայ աշխատատեղերով ապահովել, ինչ որ խթան կը հանդիսանայ ներգաղթին:

