Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Վերաբերեալ Քալիֆորնիոյ Բանաձեւը Կը Վաւերացուի
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի կրթութեան յանձնախումբը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է երեսփոխան Ատրին Նազարեանի ներկայացուցած թիւ 1915 բանաձեւը, որ կը պահանջէ Հայոց ցեղասպանութեան դասանիւթը ներառել պետական վարժարաններու 7-12 դասարաններու ընկերային գիտութեանց նիւթի դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Քալիֆորնիոյ կրթութեան նախարարութեան, որ Ցեղասպանութեան մասին հրատարակութիւններ կատարէ եւ դասաւանդման նիւթեր պատրաստէ:
Այժմ բանաձեւը պիտի քննուի խորհրդարանի Յատկացումներու յանձնախումբին կողմէ:
Բանաձեւը ներկայացնելու ընթացքին, Նազարեան շեշտեց պատմութեան այս էջը աշակերտութեան դասաւանդելու կարեւորութիւնը, որովհետեւ Ցեղասպանութիւնը նախընթաց մը հանդիսացած էր այլ ցեղասպանութիւններու համար:
Բանաձեւին գլխաւոր համահեղինակը` Խաչօ Աշաճեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կրթութեան յանձնախումբի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան եւ նոյն յանձնախումբի վարչութեան անդամ Քէյ Մուրատեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի Կրթական հարցերու յանձնախումբի անդամներ Ճոեն Պիւքենըն եւ Ռաքի Չաւեզ բանաձեւին ի նպաստ ելոյթներ ունեցան, մինչ թրքական ծագումով ներկայ մը անոր դէմ արտայայտուեցաւ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ բանաձեւի վաւերացումին նպաստած անձնաւորութեանց, գլխաւորութեամբ` Նազարեանին ու Աշաճեանին:

