Յովիկ Աբրահամեան` Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչապետ

Յովիկ Աբրահամեան եւ Սարգսեան

Յովիկ Աբրահամեան եւ Սարգսեան

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կեդրոնական գրասենեակին մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը աւարտեցան: Նիստերուն աւարտէն ետք լրագրողներուն համար յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով:

«Կուսակցութեան նախագահը գործադիր մարմինի անդամներուն ներկայացուց վարչապետի թեկնածուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի առաջարկով Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի թեկնածու առաջադրուեցաւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան նախագահի տեղակալ Յովիկ Աբրահամեան», յայտնեց Էդուարդ Շարմազանով:

Շաբաթ օր իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը որոշեց, նախապէս յայտարարուած երկուշաբթի օրուան փոխարէն գործադիր մարմինի եւ խորհուրդի նիստերը մէկ օր կանուխ կայացնել: Հանրապետութեան սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը վարչապետ կը նշանակէ կառավարութեան հրաժարականին ընդունումէն առաւելագոյնը մինչեւ 10 օր:

Նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կառավարութեան հրաժարականի ընդունումը տեղի ունեցաւ 3 ապրիլին, ուստի 13 ապրիլին կ՛աւարտէր տասնօրեայ ժամկէտը:

 

Share this Article
CATEGORIES