Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ինչ աշխատանքի որ սկսիք, մի՛ աճապարէք, նախ լաւ մտածեցէք եւ հարցը չափեցէք ըստ ձեր կարողութեան: Այսպիսով կրնաք յաջողիլ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մոռնաք, որ ունիք պարտաւորութիւններ` ընտանեկան թէ բարեկամական: Ջանացէք զանոնք դասաւորել ըստ արժանւոյն եւ կրնաք հանգիստ աշխատիլ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր լսած մէկ լուրը արժանահաւատ չէ, հետեւաբար քիչ մը սպասեցէք, որպէսզի կարենաք ճշմարտութիւնը իմանալ: Լաւ լուրերը կ՛ուշանան արդէն:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ակնկալութիւնները պիտի հաստատուին: Երկար սպասումէն ետք ամէն ինչ պիտի ունենայ իր հաստատ արդիւնքը, հետեւաբար մնացէք անհոգ եւ ուրախ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կրնաք ձեր որոշած նոր ծրագիրը գործնականացնել առանց  կասկածելու: Յաջողութիւնը պիտի կիրարկուի հարիւր տոկոսով, հետեւաբար եղէք խաղաղ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գաղտնիքը պահեցէք ձեզի: Երկրորդ անձին լսածը կը տարածուի ուշ կամ կանուխ: Մնացէք ձեր որոշումներուն հաւատարիմ, ուրիշին հետ գործ չունիք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբեմն ձեր տրամադրութիւնը կը պղտորի առանց պատճառի, վանեցէք ձեզմէ անհիմն կասկածները, որպէսզի կարենաք իրագործել օրուան ձեր ծրագիրը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հրաւէր մը պիտի ստանաք, որոշելու երկմտութիւնը պիտի ունենաք: Հրաւիրուած տեղ մը հարկ է ներկայ ըլլալ` իբրեւ քաղաքակրթուած մարդ:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամատնային պարտաւորութիւն մը պիտի ստիպէ ձեզի կիսատ թողուլ աշխատանքը, որովհետեւ եթէ ուշացնէք ժամադրութիւնը, կը տուժէք: Ժամադրութիւն յարգելը նկարագրի դրական կողմը ցոյց կու տայ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հոգեմտաւոր տրամադրութեամբ պիտի նուիրուիք անձի մը օգտակար ըլլալու պարտականութեան մը: Կատարեցէք ամենայն սիրով: Պիտի վարձատրուիք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ունիք շնորհներ, զանոնք արտայայտուելու առիթներ եւս ունիք, հետեւաբար զանոնք պահելը վայել չէ: Առանց վարանելու` մտէք ընկերութեան մէջ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր որոշած աշխատանքները պիտի չկարենաք ամբողջովին իրագործել մի՛ շուարիք, համբերեցէք: Կրնաք վերսկսիլ ձեր աշխատանքին:

Share this Article
CATEGORIES