50 Տարի Առաջ (15 Ապրիլ 1964)

Համազգայինի Մշակութային Ընկերակցութեան
Պէյրութի Մասնաճիւղը

Հայ Դատը
Հրապարակային Դասախօսութիւն

Համազգային մշակութային ընկերակցութեան Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հրապարակային դասախօսական երեկոն, նուիրուած Հայ դատին, տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 9 ապրիլ 1964, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի «Վասպուրական» սրահին մէջ:

Սրահը լեցուն էր ծայրէ ծայր: Շատեր հարկադրուեցան ոտքի կենալու:

Վարչութեան կողմէ Պօղոս Տուզճեան բացումը կատարելով` ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան նիւթը:

Առաջին դասախօս Երուանդ Փամպուքեան վերլուծեց Հայ դատի պատմականը:

Հակառակ նիւթին ընդարձակութեան, ժամանակագրական ընթացքով եւ ճշգրիտ մէջբերումներով համադրուած, Ե. Փամպուքեանի գնահատանքի արժանի ուսումնասիրութիւնը մեծ ուշադրութեամբ ունկնդրուեցաւ ներկաներուն կողմէ:

Երկրորդ դասախօս Շաւարշ Թորիկեան տուաւ Հայ դատի իրաւականը: Այսինքն, թէ ինչ իրաւունքի հիմունքով կրնանք պաշտպանել Հայ  դատը:

Շ. Թորիկեան Հայ դատի, հայկական իրաւունքներուն մօտեցաւ զուտ իրաւական ձեւով:

Նախ, ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ միջազգային օրէնքի կազմաւորման մասին:

Միջազգային օրէնքի կազմաւորման մէջ, ըսաւ դասախօսը, մեծ դեր խաղացած է բնութեան օրէնքը:

Իսկական իմաստով միջազգային օրէնք գոյութիւն չունի, որովհետեւ, պետութիւններէն վեր գերիշխան ուժ չկայ, որ կարենայ պարտաւորիչ իրաւասութիւն ունեցող դատարանի մը վճիռները պարտադրել տէրութիւններուն:

Միջազգային օրէնքը մեծ մասամբ սովորոյթ է կամ դաշինքներ, որոնց պետութիւնները իրենց համաձայնութիւնը տուած են:

Վերէն պարտադրուած օրէնք չէ: Այլ օրէնք է, որ պետութիւնները ընդունած են իրենց կամքով` կանոնաւորելու համար իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները:

Անշուշտ, արդարութեան գաղափարները եւ բնութեան օրէնքի ըմբռնումը իրենց ազդեցութիւնը ունեցան միջազգային օրէնքի զարգացման վրայ:

Օրէնքներ կան նաեւ, որոնք կ՛արտայայտեն միջազգային իրականութիւնը` առանց արդարութեան հետ կապ ունենալու:

Պետութիւնները միայն կը վայելեն իրաւունքներ եւ ունին պարտաւորութիւններ միջազգային օրէնքի տակ:

Պէտք է ունենանք պետութիւն, որպէսզի իրաւունք ունենանք օրէնքի առջեւ ելլելու:

Միջազգային օրէնքը, սակայն յեղաշրջումի մէջ է: Ոչ միայն կը զբաղի պետութիւններու հարցով, այլեւ` մարդկային իրաւունքներով:

Պետութիւնները չեն, որ կը ներկայացնեն ժողովուրդները: Այլ ժողովուրդներն են, որ կը ներկայացնեն պետութիւնները:

Տրամադրութիւններ կան ՄԱԿ-ի Ուխտին մէջ` աշխատելու ժողովուրդներու անկախութեան համար, որպէսզի անոնք քաղաքական իրաւունք ունենան:

Զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւնները ազգերու միջեւ` հիմնուելով ժողովուրդներու հաւասար իրաւունքներուն եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման սկզբունքներուն վրայ:

ՄԱԿ-ի Ուխտին 9-րդ գլուխին 73-րդ յօդուածը կ՛ըսէ. «ՄԱԿ-ի անդամները, որոնք ստանձնած են վարչութիւնը հողամասերու, որոնց ժողովուրդները տակաւին չեն ստացած ամբողջական ինքնավարութիւն, կը ճանչնան այն սկզբունքը, թէ այդ հողամասերու բնակիչներուն շահերը ամէն բանէ վեր են, եւ կ՛ընդունին որպէս սրբազան պարտաւորութիւն` այդ ժողովուրդներու բարօրութեան յառաջացումը: Եւ այս ընելու համար կ՛ընդունին պարտաւորութիւն` յառաջացնելու ինքնավարութիւն, նկատի առնելով այդ ժողովուրդներու քաղաքական ձգտումները եւ օգնելու անոնց, որպէսզի զարգացնեն իրենց քաղաքական կեանքը:

Այս հիմունքներու վրայ նկատի ունենաք մեր հարցը, ըսաւ Շ. Թորիկեան,  եւ աւելցուց, որ ինչպէ՞ս կրնանք իրաւական յոյս սփռել մեր Դատին վրայ:

Պայմաններու բերումով եթէ չենք կրնար օրէնքը գործադրել, այդ չի նշանակեր, թէ օրէնք գոյութիւն չունի:

Պերլինի եւ Կիպրոսի դաշնագիրներուն մէջ հայկական իրաւունքներուն հարցը չկար:

Սեւրի դաշնագիրը նոյնպէս վաւերական ուժ չունէր: Փոխարինուեցաւ Լոզանի դաշնագրով, ուր հարց չկար հայկական իրաւունքներու մասին:

Մենք, սակայն, Լոզանի դաշնագրին հետ գործ չունինք:

Ալեքսանտրապոլի եւ Մոսկուայի դաշնագիրները նոյնպէս կարելի է յիշել, որեւէ իրաւական ուժ չունէին:

Մոսկուայի դաշնագրով ճշդուեցան Հայաստանի ներկայ սահմանները:

Այս դաշնագիրը չէր կրնար Հայաստանի սահմանները ճշդել, որովհետեւ իշխանութիւն ունէինք, իսկ դաշինքը կնքուեցաւ Մոսկուայի եւ Թուրքիոյ միջեւ.

Կարսի դաշնագիրն ալ իրաւական ուժ չի կրնար ներկայացնել:

Ի՞նչ կը վերաբերի այն կեցուածքին, որ ունեցան թուրքերը, հարց տուաւ Շ. Թորիկեան:

1915-ին մարդկային եւ նիւթական մեծ կորուստներ ունեցանք: Մարդկութեան դէմ ոճիր էր, եւ ուրեմն կը պահանջենք հատուցում:

Նիւրենպերկի դատարանը կազմուեցաւ օրէնքով:

«Դուք ի՞նչ իրաւունքով կը դատէք մեզ», ըսին գերմանացիք:

Նիւրենպերկի օրէնքը յայտարարութիւնն էր հին օրէնքի մը: Մարդկութեան դէմ ոճիրը ընդունուած է միջազգային օրէնքով:

Հայկական հարցը կարելի է դնել նաեւ ՄԱԿ-ի տրամադրութիւններուն տակ:

Իրաւական ամուր հիմունք ունի հայկական հարցը:

Մեր դատին լուծումը միջազգային ուժերու նպաստաւոր դասաւորումէն պիտի գայ:

Եւ եթէ ըլլայ այդ միջազգային ուժերու դասաւորումը, պիտի կրնանք մեր Դատը լուծել:

Բայց գործնական ըլլալու համար խօսինք միջոցներու մասին:

Մեր վրայ պարտականութիւն կ՛իյնայ, պատրաստուելու այդ օրուան համար, երբ պատեհութիւն ստեղծուի:

Նախ պէտք է կարենանք, որպէս ժողովուրդ, մեր հիմնական հարցերու մասին նոյնանալ: Ժողովուրդի ճակատագրին հետ կապ ունեցող հարցի հետ պէտք է նոյնանալ:

Մեր քաղաքական հետապնդումները, դժբախտաբար, կրնան մեր յիշողութենէն հեռացնել մեր հայկական հարցերը:

Քանի մը հարիւր տարիներ ետք կրնան չյիշել, թէ ի՛նչ քաղաքական պայմաններու տակ ապրած ենք:

Բայց հայ ժողովուրդին կանոնագիրը պիտի անդրադառնայ, թէ 1964-ին, օրինակ, ի՛նչ հետապնդումներ կատարած ենք Հայ դատի առնչութեամբ:

Որեւէ անտեսում ոճիր է:

Պէտք է համագաղութային, համազգային ճիգերով հետապնդենք մեր դատը:

Նիւթական անհաշուելի կորուստներէ զատ, մեր ժողովուրդին կէսը կորսնցուցինք: Ի՞նչ աշխատանք կը տանինք, սակայն, միջազգային կարծիք կազմելու համար:

Ի՞նչ գրած ենք: Ամբողջ գրականութիւն մը պէտք է մշակենք: Գիտական ուսումնասիրութիւններով պէտք է ճանչցնենք մեր ժողովուրդը:

Ու եթէ օրն ու ժամանակը գայ, պէտք է պատրաստ ըլլանք ներկայանալու եւ իրաւունք ստանալու, որպէսզի կարենանք ազատ ու անկախ ապրիլ բոլոր ժողովուրդներուն մէջ:

Մեծապէս գնահատուեցաւ Շաւարշ Թորիկեանին այս հոյակապ դասախօսութիւնը, որ ներկայացուցինք ամփոփ գիծերու մէջ: Ունկնդիրները մեկնեցան սրահէն լաւագոյն տպաւորութիւններով:

ՀՐԱԶԴԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES