Ռաֆինիա Դաշտէն Վտարուեցաւ` Մխիթարեանի Դէմքին Հարուածած Ըլլալուն Համար
«Պունտըսլիկա»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ախոյեանութեան տիտղոսին իր տոմսը ապահոված Պայէրն Միւնիխ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պորուսիա Տորթմունտէն: Հիւր կազմին հետ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դարձաւ առաջին կոլին հեղինակը` 20-րդ վայրկեանին:
Մրցումին վերջին վայրկեանին տհաճ միջադէպ մը տեղի ունեցաւ Պայէրնի յետսապահ Ռաֆինիայի եւ Մխիթարեանի միջեւ: Պրազիլցին հարուածեց Մխիթարեանի դէմքին, որուն պատճառով դուրս վտարուեցաւ դաշտէն:
Նշենք, որ նմանօրինակ միջադէպ մը տեղի ունեցած էր նաեւ 15-րդ հանգրուանին` Պայէրնի յետսապահ Էմիր Սպահիչի եւ Մխիթարեանի միջեւ: Սպահիչ կարմիր քարտ մը ստացած էր, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

